*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Ինծի համար, ամբողջ կեանքի մէջ, գրադարանը եղած է երկրորդ հայրենի տունը, իսկ օտարութեան մէջ, մանաւանդ՝ Վենետիկի, առաջինը: Այն փաստը, որ իմ անունը կը կրէ քաղաքի առաջին մեծ գրադարանը, անչափ կ’ուրախացնէ զիս: Ես միշտ գիրքը սրբութիւն համարած եմ, գրադարանը՝ իւրատեսակ սրբավայր: Ես կ’ընեմ ամէն ինչ, որ այս հրաշալի գրադարանին մէջ մշտապէս զգացուի բազմադարեան գրականութեան շունչը: Գրադարանին կը մաղթեմ երկար ու բարի ուղի, թող անիկա ապրի յաւիտեան, ինչպէս յաւիտեան է գիրքը:
Աւետիք Իսահակեանը՝ գրադարանի մասին
Այս շաբաթ կ’անդրադառնանք Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին, որ երկրորդ խոշոր գրադարանն է Ազգային գրադարանէն ետք: 1935 թուականի Օգոստոս 15-ին, Երեւանի Ամիրեան 26 հասցէին վրայ բացուած է առաջին ժողովրդական գրադարանը: 1938-ին բացուած է գրադարանին ընթերցասրահը եւ գրադարանը ունեցած է շուրջ 1100 ընթերցող: 1955 թուականին գրադարանը անուանակոչուած է Աւետիք Իսահակեանի անունով` վարպետի ծննդեան 80-ամեակին առիթով: 1964-ին գրադարանին մէջ ստեղծուած է Մշակոյթի ժողովրդական համալսարան` 4 բաժանմունքով: 1979-ին, Երքաղխորուհրդի գործկոմի Մայիս 16-ի որոշումով, ժողովրդական գրադարաններու հիմքին վրայ, ստեղծուած է Երեւանի մեծահասակներուն սպասարկող գրադարաններու կեդրոնացուած համակարգը, որուն կեդրոնական գրադարանը դարձած է Աւետիք Իսահակեանի անունով: Աւելի քան ութ տասնամեակի ընթացքին՝ Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ ձեւաւորուած են հարուստ աւանդոյթներ։ Գրադարանը, աւանդոյթներուն զուգահեռ, կրցած է քալել ժամանակին համահունչ, զինուած է ժամանակակից բարձր ճարտարագիտական սարքերով. հարուստ գրադարանային արխիւէն, գիրքերու հաւաքածոներէն բացի, ընթերցողներու տրամադրութեան տակ են անվճար համացանցի ծառայութիւնը, ելեկտրոնային գրադարանէն օգտուելու հնարաւորութիւնը, ելեկտրոնային գիրքերը, ժամանակակից ելեկտրոնային ընթերցիչները` Քինտըլները եւ այլն: Գրադարանային գործառոյթներու ինքնաշխատացման եղանակը աւելի կը սերտացնէ ընթերցող-գիրք-գրադարան կապը:
«Զարթօնք»-ի պտոյտը կը շարունակուի. այս անգամ կանգ կ’առնենք Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանի տնօրէն տիկին Յասմիկ Կարապետեանի աշխատասենեակին մէջ: Ան սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Արագածոտնի մարզի Կաթնաղբիւր գիւղի դպրոցին մէջ, որ այսօր կը կրէ այդ գիւղին մէջ ծնած հայ արձակագիր Մուշեղ Գալշոյեանի անունը: Յետագային աւարտած է Մանկավարժական համալարանի մշակութաբանութեան բաժանմունքը, իսկ անկէ ետք՝ ընդունուած ու աւարտած է Մոսկուայի մշակութաբանութեան համալսարանը: Իբրեւ մասնագէտ վերապատրաստուած է Ամերկայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Եգիպտոսի մէջ: 1982-էն ի վեր Իսահակեան գրադարանին մէջ է: 1995-էն ստանձնած է գրադարանի տնօրինութիւնը: Գրադարանային աշխատանքի երկարակեացներէն մէկն է:
«Զ.» – Ստեղծման եւ զարգացման ի՞նչ պատմութիւն ունի գրադարանը: Ի՞նչ նորարարական ծառայութիւններ կը գործեն այնտեղ եւ ինչպէ՞ս կը սպասարկուին ընթերցողները։
Յասմիկ Կարապետեան – 1979-ին, Երքաղխորհուրդի գործկոմի Մայիս 16-ի որոշումով, ժողովրդական գրադարաններու հիմքին վրայ ստեղծուած է Երեւանի մեծահասակներուն սպասարկող գրադարաններու կեդրոնացուած համակարգը, որուն կեդրոնական գրադարանը դարձած է Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարան: Ես 1982-էն կ’աշխատիմ գրադարանին մէջ. սկսած եմ գրադարանավարի պաշտօնով։ 1995-ին նշանակուած եմ տնօրէն եւ 22 տարի է արդէն կը տնօրինեմ զայն։ Իսահակեանի անունը կրող գրադարանը Հայաստանի մէջ երկրորդ մեծ գրադարան է Ազգային գրադարանէն ետք: Գրադարանը ունի չորս միջազգային կեդրոն` ամերիկեան, բրիտանական, ֆրանսախօս երկիրներու եւ ասիական կեդրոն, որոնք կ’աշխատին դրամաշնորհային ծրագիրներով: Գրադարանը կ’աշխատի այս երկիրներու եւ դեսպանատուներու հետ: Հնարաւորինս կրնանք այդ երկիրներուն մէջ հրատարակուած նոր գրականութիւնը բերել մեր գրադարան, կը փորձենք այդ ծրագիրներով վերազինել գրադարանի ճարտարագիտական հիմքը։ Գրադարանը, այս պահուն, ունի երկու անվճար լարային համացանց եւ երկու անվճար համացանցի ծառայութիւն, որ ընթերցանութեան նոր մշակոյթ կը ձեւաւորէ մեր ընթերցողներուն մօտ: Դասական գիրքը ըլլալով, անշուշտ, չկրկնուող, չքննարկուող արժեհամակարգի վրայ, մենք, ընթերցողական պահանջարկները հաշուի առնելով, յատկապէս երիտասարդութեան կարծիքը լսելով, որովհետեւ այսօր երիտասարսը ժամանակի խնդիր ունի, աւելի շատ տեղեկատուութիւն ստանալու խնդիր ունի եւ գրադարանը այսպէս առաջնորդուելով՝ յատկապէս իր 70% ընթերցողական պահանջարկով, որովհետեւ 18-30 տարեկան մեր ըներցողները գրադարանի 36,000 ըներցողներու 70% կը կազմեն եւ բնականաբար գրադարանի հիմնական խնդիրներէն մէկը այդ տարիքային խումբի պահանջները բաւարարելն է: Գրադարանը ունի ժամանակակից ելոկտրոնային ընթերցիչներ, որոնք ամերիկեան անուանումով Քինտըլներ կը կոչուին: Անոնք հեռախօսի չափով սարքեր են, որուն մէջ կրնանք համացանցէն ներբեռնել մեծաքանակ`մօտաւորապէս 400 գիրք եւ ընթեցողին սպասարկել իր տան մէջ: Մենք, մեր ֆէյսպուքի եւ թուիթըրի էջերուն մէջ, այլ քաղաքականութիւն սկսած ենք վարել եւ պարբերաբար գրադարանի տարբեր բաժիններ ընթերցողներուն կը տեղեկացնեն իրենց ունեցած նոր գիրքերուն մասին եւ ելեկտրոնային նոր կրիչներու մասին:
«Զ.» – Քանի՞ մասնաճիւղ ունի գրադարանը Երեւանի տարբեր շրջաններու մէջ: Ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացուին եւ իրականցուած են գրադարանին մէջ`յատկապէս Սփիւռքի հետ: Ինչպէ՞ս է կապը Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ:
«Յ. Կ.» – Իսահակեան գրադարանը միակ գրադարանն է, որ այսօր ունի համացանցային ինքնաշխատ գրացուցակ` կեդրոնական գրադարանի ֆոնտերուն համար: Գրադարանը ունի եօթը գործող մասնաճիւղ Երեւանի տարբեր շրջաններու մէջ`
- Թիւ 15 գրադարան-մասնաճիւղ (Գ/Մ) Խ. Գիւլնազարեանի անուան
Հասցէ`Երեւան Սայաթ Նովա 37
- Թիւ 21 Գ/Մ
Հասցէ`Երեւան Բաղրամեան 20 շէնք 5 յարկ
- Թիւ 27 Գ/Մ
Հասցէ`Երեւան Նորքի 5-րդ փողոց 65 Ահկ-ի շէնք
- Թիւ 28 Գ/Մ Ս. Վահանու անուան
Հասցէ` Երեւան Մամիկոնեանց 21/47
- Թիւ 29 Գ/Մ
Հասցէ` Երեւան Կոմիտաս 6/17
- Թիւ 33 Գ/Մ Լ. Մոտալովայի անուան
Հասցէ`Երեւան Կիեւեան 1/58 եւ Կիեւեան 3/52
- Թիւ 36 Գ/Մ
Հասցէ` Երեւան Ն. Զարեան 19/65
Մենք կը զբաղինք այս մասնաճիւղերը եւս այդ ծրագիրներուն մէջ մուտքագրելու աշխատանքներով, եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի ունենանք Իսահակեան գրադարանի եւ անոր մասնաճիւղերու համահաւաք ելեկտրոնային գրացուցակը, որ համացանցի վրայ տեղադրուած պիտի ըլլայ եւ յատկապէս Սփիւռքէն մեր հայորդիները եւ ընդհանրապէս հայ գրականութեամբ, հայ մշակոյթով հետաքրքրուած անձեր կարենան մեր կայքին մէջ գտնել իրենց ուզած գիրքը: Կը կարծեմ, որ Իսահակեան գրադարանը երջանիկ բացառութիւն է գրադարանային մշակոյթին մէջ, որ ունի նման ծրագիր: Այդպիսի ամիս չկայ, որ սփիւռքահայ ոեւէ գրողի հետ հաղորդում կամ շնորհահանդէս չըլլայ: Այս գրադարանին մէջ բարձրաձայնուած են եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձած Մուշեղ Իշխանի, Յակոբ Օշականի եւ ժամանակի բոլոր սփիւռքահայ մեծ գրողներու ստեղծագործութիւնները: Մեր գրադարանին մէջ, առաջին անգամ, կազմակերպուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութեան» նուիրուած ընթերցանութեան մրցոյթ շարունակական ծրագիրը: Արձագանգները ողջունելի էին, որովհետեւ այդ մրցոյթին կը մասնակցէին ոչ միայն Հայաստանէն, այլ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ` ԱՄՆ-էն, Ռուսիայէն եւ այլ երկիրներէ, որոնք առցանց կապով կրցան մասնակցիլ այդ մրցոյթին: Առաջին փորձը յաջողեցաւ այն չափով, որ շատերը միացան ծրագիրին, բայց մեր նպատակը այն է, որ եթէ նոյնիսկ Սփիւռքի որեւէ տեղ կամ գաղթօճախ չի միանար ծրագիրին՝ գոնէ ականատես է եւ կը լսէ այդ ծրագիրին մասին: Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ՝ մեր գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալլաքեանի «Օզոնի օրագրութիւն» գիրքին թարգմանական նիւթի շնորհահանդէսը, որ ներկայացուց Նիւ Եորք բնակող յայտնի հայ ազգային, մշակութային գործիչ, թատերագիր, բեմադրիչ Հրանդ Մարգարեանը: Այս ամսուան մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման 300-ամեակին նուիրուած դասախօսութիւն` «Մխիթարեան միաբանութեան հայրերուն աւանդը համաշխարհային մշակոյթին մէջ» թեմայով, որ ներկայացուց աստուածաբան, փիլիսոփայութեան եւ արուեստի դոկտոր, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Հայր Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը: Մենք որեւէ առիթ բաց չենք ձգեր՝ ներկայացնելու մեր սփիւռքահայ գրողները: Օգոստոս 25–ին, գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ սփիւռքահայ յայտնի գրող Արա Արծրունիի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը: Ասոնք դեռ ընդամէնը Օգոստոս ամսուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններն էին, որոնք Սփիւռքի հետ մեր աշխատանքին արդիւնքն են: Գրադարանը, այս կերպով, կը փորձէ իր ընթեցողներուն հասու դարձնել այն գրողները, որոնք տարբեր պատճառներով յայտնի չեն հայ հանրութեան եւ թէ մենք ինչ գրականութիւն ունինք, որ կը ստեղծուի Սփիւռքի մէջ:
«Զ.» – Ինչպէ՞ս կ’իրականացուի արձանագրութեան կարգը: Սփիւռքահայ ընթերցողը ինչպէ՞ս կ’օգտուի գրադարանէն:
«Յ. Կ.» – Ինչպէս ըսի, ամսուան մէջ մենք երեքէն չորս հանդիպում կ’ունենանք սփիւռքահայ հեղինակներու հետ: Սփիւռքէն կը ստանանք բազմաթիւ թերթեր եւ ամսագրեր: Մէկ անգամ ես հանդիպում ունեցած եմ Սփիւռքի թերթերու խմբագիրներուն հետ եւ իրենց ըսած եմ, որ իրենք դիմեն մեր գրադարանին, որովհետեւ գրադարանի ամբողջ թուային հիմքը`700 հազարէն մէկ միլոն էջ է եւ մեծ մասամբ հայ դասական գրականութեան թուայնացուած հիմքեր են: Մեր գրադարանին միջոցով իրենք կրնան մտնել Ազգային գրադարանի հաւաքածոներ եւ այնտեղ կարդալ մինչեւ 1500 թուականը թուայնացուած ամբողջ հայ գրականութիւնը: Պէտք է ըսեմ, որ Հայաստանի գրադարանները, ի պատիւ իրենց, լուրջ աշխատանք կը տանին գրականութիւնը հասու դարձնելու Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար: Մեր գրադարանին մէջ արձանագրուողը կրնայ ունենալ իր գաղտնաբառը եւ Սփիւռքի մէջ, ըլլայ Պէյրութ, Ամերիկա, Մարսէյլ, թէ այլ տեղ, կրնայ այդ եղանակով մտնել Իսահակեան գրադարանի համակարգ, որ 24 ժամ բաց է եւ անվճար: Այնտեղ կրնան կարդալ մօտ մէկ միլիոն հաւաքածոն: Նոյնը՝ ազգային գրադարանը: Այսինքն, մեր աշխատանքը ուղղորդուած չէ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն համար: Մեր խնդիրը, նաեւ մտահոգութիւնը, որ Սփիւռքի մէջ կարենանք հայապահպանութեան խնդիրը, թէկուզ առցանց տարբերակով, պահպանել: Հաւանաբար Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները չեն գիտեր այս մասին եւ շատ լաւ է, որ «Զարթօնք»-ը կը փորձէ լուսաբանել հայաստանեան մշակոյթի կեանքը`գանձարանները: Ես ուրախ եմ, որ Պէյրութի մէջ կը կարդան, որ Իսահակեան գրադարանը ունի թուային հիմք, հանրային գրադարանը նոյնպէս, եւ միւս գրադարանները եւս, որոնք կ՝օգնեն, որ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները կարենան առանց դժուարութեան, թէկուզ ճարտարագիտական այս հնարաւորութիւնները օգտագործոլով ` ոչ կենդանի գիրքի հետ շփումով, կարենան պահպանել իրենց տեսակը, ազգային ինքնութիւնը եւ, ինչու չէ նաեւ, հպարտութեամբ խօսիլ իրենց ազգի եւ իրենց ծնած ժողովուրդի հոգեւոր գանձերուն մասին: Ես կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւրս պէտք է իր չափով օգտակար ըլլայ Սփիւռքին: Մեր ազգը պահողը միշտ եղած է մշակութը:
«Զ.» – Այս նորարարական ծառայութիւններէն յետոյ, եթէ բոլորը տունէն կարդալու հնարաւորութիւն ունենան, հնարաւո՞ր է, որ օր մը գրադարանները չըլլան այլեւս:
«Յ. Կ.» – Ո՛չ, ես այդպէս չեմք կարծեր, բոլոր պարագաներուն այդ նիւթերը դասակարգող, թուայնացնող մասնագէտներ պէտք են: Ես ժամանակակից բոլոր մեթոտներուն կողմնակից ըլլալով՝ բոլոր հարցերուն կը նայիմ ընթերցողներու աչքերով: Աւելի շատ ուշադրութիւն կը դարձնեմ յատկապէս ընթերցողական բաղոքներուն, որովհետեւ անոնց մէջ կը փորձեմ գտնել հիմնաւորուած բողոքները, հասկնալ որն է այդ անբաւարարուածութեան պատճառը: Այդ կերպով գրադարանը՝ կ’աշխատի հնարաւորինս հաշուի առնել բողոքները եւ մարդկային հնարաւորութիւններու սահմաններէն տեղափոխուելով ճարտարագիտական հնարաւորութիւններու հարթակ՝ կարգաւորել զանոնք: Ես կողմնակից եմ կենդանի գիրքի հետ շփման, որ իմ կարծիքով կը գտնուի հոգեբանական դաշտի մէջ. իւրաքանչիւր մարդ ինքը կ’ընտրէ թէ ինչպէս ընթերցել: Երբ որ մեր հասարակութեան մէջ, յատկապէս մեր գրադարանի այս ճարտարագիտական վերազինման պայմաններուն մէջ, մտահոգութիւն յառաջացաւ, որ կրնայ ընթերցողը հեռանալ գրադարանէն եւ միայն տունէն օգտուիլ`ես ըսի, որ ես ատոր մէջ ոչ մէկ վատ բան կը տեսնեմ, ինծի համար կարեւոր է, որ մարդը կարդայ, ուր կ’ուզէ կարդայ, կարեւորը կարդալն է: Բոլոր ժամանակներուն մէջ ալ եղած են խնդիրներ, բայց չէ՞ որ մենք հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք, կը տեսնենք, որ մեր պատմութեան եւ մեր ժաղովուրդի շարժիչ ուժը եղած է մարդկային գործօնը: Մենք այսօր մեր մշակոյթով, մեր պատմութեամբ, ստեղծած հոգեւոր գանձերով, մեր մշակութային ժառանգութեամբ կը ներկայանանք աշխարհին: Ցաւօք սրտի, մեր երկրի տարածքը այնպէս է, որ մենք չենք կրնար արդիւնաբերական հզօր աշխատանքներով զբաղիլ: Բայց իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր շարժիչ ուժը, մեր ժողովուրդի շարժիչ ուժը մեր բազմադարեայ մշակոյթն է:
Աւարտին նշենք, որ Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանը կը գտնուի Երեւանի Նալբանդեան 4/1 հասցէին վրայ:
Կայքէջ` www.isahakyanlibrary.am – ել.նամակ՝ yerevanccl@yahoo.com,
հեռ.` +374 10 58 96 10