Երեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2017ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանին այցելեց Էշրէֆիէի Յունական Հիւանդանոցին մէջ գտնուող, Տաէշի դէմ ճակատամարտի ընթացքին վիրաւորուած Լիբանանեան Բանակի զինուորներուն, որոնց շարքին նաեւ հայազգի զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեանին:
Պատուիրակութեան անդամները ՌԱԿի անունով շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին Լիբանանեան Բանակի հերոսներուն:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն