Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Թրքական Հեռատեսիլի Կայանով Ցուցադրուած Սարիկ Անդրէասեանի Ֆիլմը Բողոքի Ալիք Բարձրացուցած է

Նախօրէին թրքական «KanalD» հեռատեսիլի կայանով ցուցադրուած է ռուսական արտադրութեան «Պահապանները» ֆանթասթիք ժանրի ֆիլմը, որ թուրք հանդիսատեսին մէջ բարձրացուցած է բողոքի ալիք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am»-ը։

Պատճառը այն է, որ ֆիլմին մէջ Արարատ լեռը եւ Վանայ լիճը ներկայացուած են իբրեւ Հայաստանի մէկ մասը: Ֆիլմին մէջ, դերասաններու միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութեան ժամանակ, կ’օգտագործուի «Հայաստանի մէջ` Արարատ լերան մերձակայքը» արտայայտութիւնը:

Ֆիլմի ցուցադրման առնչութեամբ քննադատական հրապարակում տեղ գտած է թրքական «Aydındlık» թերթին մէջ, ուր կ’ըսուի, թէ իբր «KanalDե-» միլիոնաւոր մարդոց կը ստիպէ թրքերէն թարգմանութեամբ դիտել արտասահմանեան ֆիլմ մը, որ չի ճանչնար «Թուրքիոյ տարածքային ամբողջութիւնը»: Հրապարակումը կը կրէ «Արարատը Հայաստանին տուին» վերնագիրը:

Նշենք, որ «Պահապանները» ֆանթասթիք մարտաֆիլմի բեմադրիչը ռուսիա բնակող հայ Սարիկ Անդրէասեան:

Ֆիլմին մէջ հանդէս կու գան դերասաններ Անթոն Փամփուշնին, Սանժար Մատին, Սեբաստեան Սիսակը, Ալինան Լանինան, Սթանիսլաւ Շիրինը եւ ուրիշներ:

Ֆիլմը կը պատմէ Սովետական շրջանին մէջ ապրող հերոսներու մասին, որոնք ամերիկեան The Avengers-ի կրկնօրինակներն են: Անոնք կ՝ապրին պաղ պատերազմի տարիներուն եւ երկար ժամանակ կը թաքցնեն իրենց ունակութիւնները: Սակայն, երկրի համար բարդ իրավիճակը հաշուի առնելով` կը ցուցադրեն իրենց կարողութիւնները եւ կը սկսին պայքարիլ: Այս հերոսները 30 տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին