Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Տիարպեքիրի Եկեղեցիները Դեռ Փակ են Այցելութիւններու եւ Ծիսակատարութիւններու Համար

Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող քրիստոնէական  տարբեր ուղղութիւններու պատկանող եկեղեցիները փակ են այցելութիւններու եւ ծիսակատարութիւններու համար:  Այս մասին կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը` յիշեցնելով, որ 2015 թուականին քիւրտերու եւ պետութեան միջեւ սկսած բախումներուն հետեւանքով մեծ վնաս կրած էին նաեւ կրօնական նշանակութիւն ունեցող շէնքերը:

Բախումներու եւ աւերածութիւններէ ետք, 2016 Մարտ 25-ին, կառավարութիւնը Սուրի մեծ մասը պետութեան օգտին օտարելու որոշում կայացուցած էր: Օտարման ներկայացուած եղած է նաեւ Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որուն հիմնադրամը կառավարութեան որոշումը բողոքարկող հայց ներկայացուցած էր Վերաքննիչ դատարան: Դատարանը կայացուցած էր կառավարութեան որոշումը դադրեցնելու վճիռ, սակայն դատական գործընթացը դեռ կը շարունակուի:

Կը նշուի, որ Սուրբ Կիրակոսը արդէն 3 տարի է փակ է եւ այնտեղ արարողութիւններ չեն կատարուիր, իսկ տեղի հայ բնակչութիւնը կրօնական ծէսերու համար այլ եկեղեցի չունի:

Տարածքը, ուր կը գտնուի եկեղեցին, գրեթէ ամբողջութեամբ փակ է: Եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավարները քանի մը ամիս առաջ յատուկ արտօնութեամբ միայն կրցած էին եկեղեցի այցելել: Սուրբ Կիրակոսի հիմնական շէնքի պատերէն բացի՝ մնացած շինութիւնները վնասուած են, ապակիները` կոտրուած:

Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը, բացի ներկայացուցած բողոքարկումէն, կապ կը պահպանէ պետական կառոյցներու հետ: Անոնց խոստացած են, որ պետութիւնը պիտի փոխհատուցէ վնասը: Բացի Սուրբ Կիրակոսէն, իշխանութիւնները խոստացած են վերականգնել հայկական կաթողիկէ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որ ամենաշատ վնաս կրած էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին