Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Վրացահայութիւնը Հայկական Նոր Դասագիրքեր Պիտի Ունենայ 2018-2019 Վերամուտին

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան նոր դասագիրքերը, որոնք պիտի հրատարակուին Վրաստանի մէջ, պիտի ներդրուին ուսումնական ծրագիրի մէջ` 2018-2019 ուսումնական տարին:

Դպրոցական ուսումնական նոր ծրագիրը պիտի ներդրուի 2018-2019 ուսումնական տարին: Նոր դասագիրքերը, որոնք պիտի հրատարակուին այդ ծրագիրով, նոյնպէս այդ ժամանակ պիտի բաժնուին աշակերտներուն: Իսկ 2017-2018 ուսումնական տարուան ընթացքին, դպրոցները պիտի շարունակեն ուսումը հին դասագիրքերով ու հին ծրագիրով: Այդ մասին, ըստ «News.am»-ի, «Jnews.ge»-ին յայտնած է Վրաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Լիա Կիկաուրին Ախալքալաք կատարած այցին ժամանակ:

«Ինչ կը վերաբերի հայոց, ազրպէյճանական, ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերուն՝ անոնք պէտք է հրատարակուին Վրաստանի մէջ, եւ ոչ թէ բերուին այլ երկիրներէ: Վերջնականը պիտի ըլլայ մրցոյթը յաղթած դասագիրքը, որ պիտի թարգմանուի»,– ըսած է Լիա Կիկաուրին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փոքրամասնութիւններուն համար նախատեսուած լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու ստեղծման գործընթացքին ներգրաւուած պիտի ըլլա՞ն հարեւան երկիրներու փորձագէտներ, ինչպէս յայտարարուած էր նախապէս, փոխնախարարը նշած է, որ նման համագործակցութիւն կ’ակնկալուի:

«Մեր նախարարութիւններուն միջեւ կը տարուին բանակցութիւններ եւ կան համաձայնութիւններ, որ բոլոր երեք հարաւկովկասեան երկիրներուն մէջ, այնտեղ ուր կը սորվին հարեւան երկրի լեզուն, եւ ուր դասագիրքերու թարգմանութիւնը բարձր մակարդակի վրայ չէ՝ պէտք է օգնել այդ երկրին, այլ երկիրներու կրթական փորձագէտներով, մասնաւորապէս, բարելաւելու համար թարգմանութեան որակը: Մենք կ’աշխատինք ինչպէս Հայաստանէն բերուած դասագիրքերու վրայ, այնպէս ալ Ազրպէյճանէն, եւ մեր փորձագէտները կ’աշխատին ոճաբանութեան վրայ, եւ մենք, ի հարկէ, պիտի ներգրաւենք անոնց փորձագէտները, երբ գիրքերը պատրաստ ըլլան, որպէսզի անոնք աշխատին ինչպէս ոճաբանութեան վրայ, այնպէս ալ բովանդակութեան, որպէսզի թարգմանութիւնը ըլլայ բարձր մակարդակով, որպէսզի դասագիրքերը ըլլան ուսումնական մակարդակի վրայ»,– ըսած է կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Լիա Կիկաուրին:

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու խնդիրը արդիական է երրորդ տարին ըլլալով՝ երբ դասագիրքերը սահմանով անցնելը դարձաւ անհնար: Ներկայիս, Ջաւախքի դպրոցներու հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերը արդէն մաշած են ու հինցած: Երկար տարիներ, Վրաստանը կը փորձէ լուծել ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ դասագիրքերու խնդիրը, սակայն մինչ օրս արդիւնքները աննշան են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին