Հարցազրոյցը վարեց՝ Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Ուրախութեամբ իմացանք թէ ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ–ի Վարչութեան նախկին եօթը տարիներու ատենապետ, երկարամեայ կուսակցական ու ԹՄՄ-ական, ճարտարագէտ եւ ԱՄՆ-ի Հայ Գիտնականներու Միութեան անդամ ԸՆԿ. ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԵԱՆ արժանացած է Քալիֆորնիա Նահանգի Department of Consumer Affairs-Ի (DCA) ԳՆԱՀԱՏԱԳՐԻՆ։ Ի սրտէ կը շնորհաւորենք մեր ընկերը եւ հպարտ ենք իրեն տրուած այս գնահատագրին համար։
Բացառիկ ծառայութեան գնահատական նամակին մէջ կ’ըսուի. «Քալիֆորնիոյ Նահանգին մեր Մարմնին կողմէ կ՚ուզենք այս առիթը օգտագործելով ճանչնալ Ձեր բացառիկ կորովը եւ նուիրումը վերջին 50 տարիներուն, որուն ընթացքին Դուք հանդէս եկաք արհեստավարժ ծառայութեամբ Քալիֆորնիայի քաղաքացիներուն»։
Այսու մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք մեր հարցազրոյցը Ընկ. Յակոբ Նազարեանի հետ։
Հարց. Ա- Քանի մը խօսքով հաճեցէք ներկայացնել ձեզ գնահատող Ամերիկեան կազմակերպութիւնը։
Պատասխան.- Ճարտարագէտներու Նահանգային վերոյիշեալ մարմինը կ՚որոշէ մասնագէտներու իրաւունքը եւ իրենց ասպարէզի մէջ շարունակելու իրենց գործը, եւ պարբերաբար կը գնահատէ ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրենց մասնագիտութեանց գծով կատարած օգտաշատ աշխատանքներուն համար։
Մեր ճարտարագէտներու պարտականութիւնն է պաշտպանել հանրութեան ապահովութիւնը, որպէսզի մարդիկ ապրին աւելի ապահով շէնքերու մէջ։ Նահանգային այս մարմինը կը բարձրացնէ նաեւ այն մասնագէտներուն որակաւորումը, որոնք ցոյց կու տան գերադաս մասնագիտական արհեստավարժութիւն։
Քալիֆորնիան առաջին տեղը կը գրաւէ ԱՄՆ-ի մէջ՝ բնակարաններու եւ միջավայրի պաշտպանութեան գծով աշխատող մասնագէտներու գոյութեամբ. նահանգի DCA -ը ըստ արժանւոյն կը գնահատէ արտօնագրեալները։
Հարց. Բ.– Ինչպիսի՞ զգացումներ ունեցաք, երբ ստացաք գնահատման նամակը։
Պատասխան.- Անշուշտ մեծ գոհունակութեամբ է որ կարդացի ինծի ղրկուած գնահատագիրը եւ ուզեցի ուրախութեանս բաժնեկից դարձնել ՌԱԿ-ի մեծ ընտանիքն ու «Նոր Օր»-ի ընթերցողները։ Տրուած գնահատագիրը կը նկատեմ շատ կարեւոր ճանաչում մը Քալիֆորնիոյ Մարմնին կողմէ, որուն պաշտօնն է հետեւիլ մասնագէտներուն, որպէսզի անոնք իրենց լաւագոյնը ընեն իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ՝ ծառայելով ժողովուրդին բնակարաններուն եւ զանազան շէնքերու ապահովման։
Այսպիսի գնահատագիր մը ինծի համար կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ կը գնահատուի իմ ուղղամիտ եւ նուիրեալ աշխատանքս, որ ի վերջոյ պիտի ծառայէ մեր բնակչութեան ապրելու եւ կամ աշխատելու աւելի ապահով, կայուն եւ հանգստաւէտ կառոյցներու մէջ։ Մեր աշխատանքին արդիւնքները բացայայտ կը դառնան, երբ կը բաղդատենք հոս եւ այլ երկիրներու մէջ պատահած երկրաշարժներու հետեւանքները. մինչ հոս տասնեակներու սահմաններու մէջ կը մնայ զոհերու թիւը, այլ երկիրներու մէջ անոնք կը գործեն ահաւոր աւերներ եւ կը պատճառեն տասնապատիկ աւելի զոհեր։
Հարց. Գ.- Ձեր մասնագիտութեան գծով ներդրումներ կատարա՞ծ էք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
Պատասխան.- Միշտ ալ խոր ցանկութիւնը ունեցած եմ մասնագիտութեանս գծով օգտակար դառնալու մեր հայրենիքին։ Այդ առիթը ներկայացած է անկախութենէն անմիջապէս յետոյ։ Դժբախտաբար Սպիտակի ահաւոր երկրաշարժն էր որ դուռ բացաւ իմ համեստ օժանդակութեան։
Ուրիշ մասնագէտներու նման ես ալ Ամերիկահայ մասնագէտներու հետ մեկնեցայ Հայաստան, ուր անմիջապէս այցելեցինք աղէտի գօտի եւ երկու շաբթուան ընթացքին հայրենի մեր ճարտագէտներուն ներկայացուցինք մեր ուսումնասիրութիւնները, թելադրութիւններ, շինարարական օրէնքերը, չափանիշները՝ շէնքերուն որակը հաստատող կամ գնահատող միջոցները։
Մենք ներկայացուցինք նախագիծը նոր կառուցուելիք նախակրթարանի մը, որուն օրինակով պիտի կառուցուէին հարիւր շէնքեր՝ մեր չափանիշներով։ Ինչ կը վերաբերի Երեւանին, ապա եթէ հոն Սպիտակի հզօրութեամբ երկրաշարժ մը պատահէր (Աստուած չընէ) տասնապատիկ աւելի թուով զոհեր պիտի տայինք։ Ուրեմն մեր խումբը յետ ուսումնասիրութեանց, ներկայացուց այնպիսի վերանորոգման ծրագիր մը, մանաւանդ բազմամարդ շէնքերու առնչութեամբ (բազմայարկ շէնքեր, դպրոցներ, հիւանդանցներ եւ այլն), որպէսզի երկրաշարժի մը պարագային նուազագոյն զոհերը տայինք։ Նոյնիսկ գումարի աղբիւրն ալ կարգադրուած էր Համաշխարհային Դրամատունէն, բայց ծրագրի գլուխը կեցած երկու գլխաւոր մարդոց անակնկալ մահը եկաւ խանգարելու այդ ծրագիրը։
Անկէ բացի առիթը ունեցած եմ իմ հսկողութեամբ պատրաստելու Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի շէնքին գծագիրները։ Շէնքը կը գտնուի Երեւանի Ալեք Մանուկեան փողոցի վրայ։
Պատրաստած եմ նաեւ Երեւանի Մխիթար Հերացի փողոցի վրայ գտնուող նախկին բժշկական կառոյցի մը ապահովութեան նախագծման։ Այժմ այդ կառոյցը վերածուած է իր տեսակին մէջ եզակի բուժական կեդրոնի մը՝ Wellness Center։
Հարց. Զ.- Ձեր սկզբունքները ձեր մասնագիտական երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին եւ ի՞նչ խորհուրդ կու տայիք երիտասարդ հայ ճարտարագէտներուն։
Պատասխան.- Ժամանակակից աշխարհին մէջ գիտութիւնը գլխու պտոյտ տուող արագութեամբ կը յառաջանայ եւ ամէն օր գիւտեր կը կատարուին, միշտ ջանացած եմ տեղեակ ըլլալ մասնագիտութեանս մէջ յայտնուած նորութիւններուն։ Միշտ ալ եղած են խնդիրներ, որոնց գիտութիւնը չէ կրցած տալ գործնական լուծումներ եւ քանի որ մեր պատասխանատուութիւնը եղած է նաեւ լուծումներ գտնել մեր առջեւ ծառացած խնդիրներուն, ուրեմն նման պարագաներուն պէտք եղած է «պահպանողական» միջոցներ որդեգրել, սորվիլ մարդկութեան անցեալի փորձառութիւններէն, որպէսզի շինութիւնները ունենան պէտք եղած զօրութիւնը։
Գալով երիտասարդ սերունդի մասնագէտներուն՝ իմ թելադրութիւնս պիտի ըլլար աշխատիլ որքան հնարաւոր է փորձառութիւն ձեռք բերել իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ։ Անոնք պէտք է աշխատին այնպիսի գծագիրներու վրայ, որոնք գործնական են, իրականանալի, իրապաշտ եւ դիւրին ըլլայ անոնց շինրարութիւնը։ Նոր սերունդի մասնագէտները պէտք չէ ըլլան նիւթապաշտ եւ շուտ հարստանալու ետեւէն ինկող անձեր, այլ ըլլան իրենց գործին նուիրուած անձեր։