Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Ցաւակցական Հեռագիր Յղած է Սպանիոյ Թագաւորին

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 18-ին, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Սպանիոյ Թագաւոր Ֆելիփէ Վեցերորդին՝ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակման առիթով, որ պատճառ դարձած է տասնեակ անմեղ զոհերու եւ վիրաւորներու: Ըստ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններուն՝ Հանրապետութեան Նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ ըսուած է.

«Վիշտի ու կորուստի այս ծանր պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ Ձեզի, Սպանիոյ բարեկամ ժողովուրդին ու զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ուժ ու ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:

Նման անմարդկային գործողութիւնները վերստին կու գան հաստատելու մեր այն համոզումը, որ անհրաժեշտ է միասնականօրէն եւ վճռականութեամբ շարունակել միջազգային հանրութեան պայքարը ահաբեկչութեան չարիքի եւ բռնութեան բոլոր դրսեւորումներուն դէմ»: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին