ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Գարայեանը եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահի խորհրդական, առեւտրական ազատ գօտիներու համադրման խորհուրդի քարտուղար Աքպար Թորքանը, Օգոստոս 17-ին, ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն։
Յուշագիրին նպատակն է սահմանել Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ազատ տնտեսական գօտիներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները, մասնաւորապէս ապահովել Մեղրի ազատ տնտեսական գօտիի եւ Արաս տնտեսական յատուկ գօտիի առաջմղումն ու սերտ փոխգործակցութիւնը վերջիններուս զարգացման նպատակով: Յուշագիրին համաձայն` պիտի հաստատուին կապեր Մեղրի ազատ տնտեսական գօտիի եւ Արաս յատուկ տնտեսական գօտիի տարածքներուն մէջ գործունէութիւն իրականացնող ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ գօտիները կառավարող մարմիններու եւ պետական գերատեսչութիւններու միջեւ: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարը եւ Իրանի նախագահի խորհրդականը ամփոփած են իրանական պատուիրակութեան այցին միւս արդիւնքները եւս:
Կողմերը նաեւ ձեւաւորուած են աշխատանքային խումբեր՝ զբօսաշրջութեան, ազատ տնտեսական գօտիներու եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ, երկու երկիրներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու եւ գործնական առաջարկներ մշակելու նպատակով: «Ինծի զեկուցած են, որ մեր ստեղծած աշխատանքային խումբերը ունեցած են բաւական արդիւնաւէտ քննարկումներ: Վստահ եմ, որ անոնց արդիւնքով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ այն համագործակցութիւնը, որուն սկիզբը մենք այսօր կը դնենք, կը խորացնեն հայ-իրանական տնտեսական փոխգործակցութիւնը»,- նշած է Ս. Գարայեանը:
Աքպար Թորքանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախարար Սուրէն Գարայեանին՝ ջերմ ընդունելութեան համար՝ եւ աւելացուցած. «Արաս առեւտուրի ազատ գօտին Կովկասի եւ ԵԱՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) երկիրներու հետ համագործակցութեան Իրանի դարպասն է: Հայաստանը կ’անդամակցի ԵԱՏՄ-ին եւ բաւական լաւ յարաբերութիւններ ունի ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու հետ, եւ մենք յոյսով ենք, որ պիտի կարենանք այդ հանգամանքը օգտագործել Եւրասիական շուկայ մուտք գործելու համար»:
Հանդիպման աւարտին, Սուրէն Գարայեան նշած է․«Մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել հրաւէրը ընդունելու եւ Հայաստան այցելելու համար: Մենք բաւականաչափ առաջընթաց արձանագրեցինք մեր տնտեսական յարաբերութուններուն մէջ: Մենք այսօր սկիզբ կը դնենք նոր ծրագիրներու: Մենք համոզուեցանք, որ զարգացման լուրջ ներուժ կայ արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Ինչպէս նաեւ վստահ ենք` մեր ազատ տնտեսական գօտիներու համագործակցութիւնը պիտի յանգեցնէ մեր երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու շեշտակի աճին»: