ՀՀ Արտաքին Գործերու փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեանը մեկնաբանած է յայտարարութիւնը, որ Թուրքիան կը ցանկանայ միանալ Եւրասիական տնտեսական միութեան մաքսային տարածքին: «Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան՝ փոխ նախարարը պատասխանած է.
«Նախ, ԵԱՏՄ մաքսային տարածքին միանալու հնարաւորութիւն նախատեսուած չէ ԵԱՏՄ պայմանագրով: Աւելին, զաւեշտալի է, երբ ԵԱՏՄ մաքսային տարածքին միանալու մասին կը խօսի Թուրքիան, որ միակողմանի փակած է հայ-թրքական սահմանը` միակ ցամաքային սահմանը Թուրքիոյ եւ ԵԱՏՄ մաքսային տարածքի միջեւ»: