Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Արցախը Այսօր – Ապրիլեան Պատերազմը Սահմանամերձ Բնակավայրերուն Մէջ Ներդրումները Չէ Նուազեցուցած

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ապրիլեան պատերազմէն ետք մտավախութիւններ կային, թէ Արցախի՝ յատկապէս սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ, պիտի պակսին ներդրումները: Եղաւ հակառակը: Արցախի վարչապետը Մարտակերտի շրջան այցելած է՝ գնահատելու համար նոր ներդրումներուն արդիւնքները: Պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ Մարտակերտի մէջ հիմնադրուած է նոր արտադրամաս:  Արտօնեալ պայմաններով՝ վարկը տրամադրած է Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամը: «Մարտակերտի բարիքներ» ընկերութիւնը չիր ու չամիչ պիտի արտադրէ, մասնաւորապէս՝ տեղական հումքով:

Ամրան ամիսներուն պտուղը պիտի չորցնեն դուրսը տեղադրուած չորանոցներու մէջ: Իսկ հարկ եղած պարագային, պիտի օգտագործուին նաեւ ժամանակակից ելեկտրական չորանոցները։ Այս պահուն, նորաբաց արտադրամասը ունի 35 աշխատակից: Թիւը պիտի աճի, երբ նաեւ տեղադրուի անուշներու եւ պահածոներու արտադրութեան հոսքագիծը: Արտադրանքին մեծ մասը պիտի արտահանուի. պահանջարկը կայ, կը վստահեցնէ «Մարտակերտի բարիքներ» ՍՊԸ հիմնադիր Գրիգորի Միրզոյեանը. «Մօտ օրերս Ռուսիա կը գտնուէի, Մոսկուա եւ Սամարա: Հանդիպած եմ մարդոց հետ: Ճիշդ է, որ հայկական արտադրանքը քիչ մը սուղ է, բայց աւելի որակով է»:

Աշխատատեղերու աւելնալուն հետ՝ Մարտակերտի շրջանին մէջ աւելցած են նաեւ հանգիստի հնարաւորութիւնները: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին հրետակոծուած Մատաղիսը ամբողջութեամբ վերականգնուած է: Հիմնական աշխատանքները կատարուած են պետական միջոցներով, սակայն, գիւղի բնակիչներէն շատերն ալ իրենց ձեռքերը ծալած չեն նստած: «Գիւղացիներուն կողմէ ալ կ’իրականացուի շինարարութիւն, շուտով պիտի ունենանք պենզալցակայան, հանգիստի նոր գօտի, կը շարունակէ աշխատիլ նաեւ ձկնաբուծարանը»,- գիւղին մէջ իրականացուող աշխատանքները կը թուարկէ Մատաղիսի համայնքի ղեկավար Զաւէն Աւանեսեան:

Մատաղիսի լիճի ափին հանգստեան գօտին կառուցուած է Ապրիլեան պատերազմէն ետք: Ներդրումը կատարած է արտերկրի մէջ բնակող մատաղիսցիներէն Արմէն Ղահրամանեանը: Մատաղիսի հրետակոծութիւնը լաւ կը յիշէ, բայց եւ՝ Մատաղիսի մէջ ներդրումները վտանգաւոր չի համարեր. «Ամբողջը մեր երկիրն է՝ Արցախն ալ, Հայաստանն ալ: Հայաստանի սահմաններուն մէջ ալ կը կրակեն, այստեղ ալ: Նոյն վիճակն է: Այնպէս որ, այստեղ ներդրումը վտանգաւոր չեմ համարեր»:

Մատաղիսի նորաբաց հանգիստի գօտին պիտի գործէ տարուան բոլոր եղանակներուն: Իսկ ամրան՝ այստեղ հանգիստը աւելի հետաքրքրական կազմակերպելու տարբերակներ կան: Վարչապետն ալ չի չդիմացաւ մոթորանաւակով լիճին վրայ զբօսնելու գայթակղութեան: Անոր օրինակին հետեւելու ժամանակ դեռ կայ. Մատաղիսի մէջ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին ալ կը  խոստանան հաճելի եղանակներ ու անմոռանալի հանգիստ:

Ստեփանակերտ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին