ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը, տեղի ունեցած է Օգոստոս 17-ին:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախքան օրակարգային հարցերու քննարկումը՝ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Դաւիթ Կարապետեան զեկուցած է հանրապետութեան մէջ վերջին օրերուն բռնկած խոշոր հրդեհներու ժամանակ իրականացուած հրդեհաշիջման աշխատանքներուն եւ անմիջական իրավիճակին վերաբերեալ: «Օգոստոս 10-ին, Վայոց Ձորի մարզի Արտաւան համայնքի շրջակայ տարածքին մէջ ծայր առած հրդեհը մարելու աշխատանքները ամբողջովին աւարտած են: Վայոց Ձորի մէջ այրած է շուրջ 15 քմ. պարագիծով խոտածածկ տարածք, որուն 320 հեկտարը` անտառածածկ: Փորուած են բազմաշերտ խրամատներ` հրդեհի տարածումը բացառելու նպատակով: Խոսրովի անտառ պետական արգելոցի տարածքին, Օգոստոս 12-ին ծայր առած հրդեհի հիմնական օճախները մարած են Օգոստոս 16-ին: Պէտք է նշել, որ քանի մը օր տեւած հրդեհաշիջման աշխատանքները կ’անցնէին չափազանց անբարենպաստ բնակլիմայական պայմաններու մէջ` լեռնային բարդ իրավիճակ, տեւական երաշտէն չորցած խոտածածկ տարածքներ, հրդեհի արագ տարածման նպաստող քամիներ: Նախնական տուեալներով, Խոսրովի պետական արգելոցի տարածքին մէջ այրած է 16 քմ. պարագիծով բուսածածկ տարածք, որուն 360 հեկտարը` անտառներ: Ե՛ւ Խոսրովի, ե՛ւ Արտաւանի մէջ փրկարարներու հետ համատեղ հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակցած են ԶՈւ տարբեր ստորաբաժանումներու զինծառայողներ, ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեան զօրքերու ծառայողներ, անտառ-տնտեսութեան, բնապահպանութեան պետական տեսչութեան, ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի աշխատակիցներ, մօտակայ համայնքներու բնակիչներ եւ բնապահպաններ: Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մէջ, համատեղ ջանքերու շնորհիւ, յաջողուած է զգալիօրեն կանխել հրդեհի առաւել մեծ տարածումը: Իրավիճակը ամբողջովին կը գտնուի վերահսկողութեան տակ, ներկայ պահուն արգելոցին մէջ կ’իրականացուին յետմարման աշխատանքներ 2.5 քմ. պարագիծով եւ 3 քմ խորութեամբ: Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Իլ-26 ուղղաթիռը կը շարունակէ օդային հրդեհաշիջման աշխատանքները` ստեղծելով անվտանգութեան գօտիներ եւ խոնաւ միջավայր օճախներու կրկնակի բռնկումը բացառելու նպատակով: