Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Իրանի Դելիջանն Ու Հայաստանի Դիլիջանը Կը Դառնան Քոյր Քաղաքներ

Իրանի Դելիջանն ու Հայաստանի Դիլիջանը դարձան քոյր քաղաքներ: Այս մասին, ըստ Իրանի «Ալիք» թերթին, հաղորդած է «ԻՌՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը։

Պայմանագիրը կնքելու նպատակով, Օգոստոս 14-ին, Հայաստան մեկնած է Դելիջան քաղաքի պատուիրակութիւնը: Դելիջանի քաղաքապետ Մեհտի Էսմայիլի յայտնած է, որ գործընթացը նոր էջ մը պիտի բանայ երկու համանուն քաղաքներու յարաբերութիւններուն մէջ. «Երկու քաղաքներուն միջեւ համապատասխան պայմանագիրի ստորագրումը՝ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, եղած է օրակարգային կէտ: Այս պայմանագիրի իրագործումը պիտի նպաստէ երկու քաղաքներուն միջեւ մշակութային, տնտեսական, զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական յարաբերութիւններու ընդլայնման», յայտնեց իրանցի քաղաքապետը:

Իրանեան պատուիրակութեան Դելիջանի քաղաքապետէն բացի մաս կը կազմէին նաեւ շինարարական հարցերու կեդրոնական նահանգի նահանգապետի տեղակալը, քաղաքի կուսակալը, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահը եւ քանի մը գործարարներ:

Նշենք, որ Յուլիս 4-5, Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան այցելած էր Դելիջան եւ ծանօթացած էր քաղաքի զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական հնարաւորութիւններու պայմաններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին