Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Դակոր

Ո՞վ ես, ընթերցո՛ղ, որ պիտի կարդաս
Քերթուածներս իմ հարիւր տարի ետք:

(Պարտիզպանը 45)

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»-ի աշխատակից

Ես այն եմ որ հիացած եմ Քեզմով ու կը հիանամ աւելի որքան օրերը թաւալին ու արշալոյսները գումարուին իրարու վրայ ա՛յն մագնիսութեամբ, որ տիեզերական է, որուն գոյնը, ձայնը, միտքը, հոսքը կը զգացուի ամէն ապրող էակին մէջ. մարդ արարածին խորքը կը դրսեւորուի իբրեւ արցունք, խօսքի հոսք, համամարդկային սէր ու բուրմունք լայնահուն ու համապարփակ. մանաւանդ՝ իբրեւ աղօթք, ինչպէս ինքն է Բնութիւնը…(Ս. Փ.)

Ռապինտրանաթ Դակոր. Զաւակը կղերական բարձր դասին պատկանող եւ ինքն ալ անուանի բանաստեղծ ու մտածող, Մեծ Ուսուցիչ հռչակուած Տեպինտրանաթ Դակորին՝ Ռապինտրանաթը ծնած է 1861-ին, Կալկաթայի մէջ: Մերժելով ենթարկուիլ իր ժամանակի հնդկական ուսումնարաններուն մէջ տիրող պայմանադրական ու խստասիրտ կարգերուն, շատ կանուխէն կը հրաժարի դպրոցական ուսումէ: Գիրկին մէջ ազատ բնութեան, ինքզինք կու տայ մենաւոր խոկումներու: Չի դադրիր սակայն ընթերցումէ: Ծրագրեալ իր ինքնաշխատութեան շնորհիւ, կարճ ժամանակի մը մէջ կը հասնի բազմակողմանի ու բարձր մակարդակով զարգացման: 17-ը նոր լրացուցած՝ իր շրջապատին մէջ համակրանք վայելող բանաստեղծ է արդէն, նկարիչ եւ սեփական քերթուածներուն վրայ յօրինած իր եղանակներով երգիչ: Նոյն այդ տարիքին, կ՛ուղարկուի Անգլիա, աւելի խորացնելու համար անգլերէն լեզուի ծանօթութիւնը եւ ճոխացնելու իր պաշարը գիտական: Անգլիա կը մնայ մէկ տարի միայն:

Ազգերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն ու սէր ստեղծելու ձգտող իր ոգիին տարածման համար, 1901-ին կը հիմնէ իր սեփական դպրոցը «Սանդինիգեդան» (Խաղաղութեան Օթեւան) անունով: Ապա կը բարձրացնէ զայն համալսարանական մակարդակի: 1900-ին անգլերէնի  կը վերածէ մինչեւ այդ թուականը գրած իր բանաստեղծութիւններէն փունջ մը՝ «Պարտիզպանը»: Տասներկու տարի ետք, նախորդին նման հրապարակ կ՛ելլէ «Կիդանճալի»ն (Ձօներգութիւն): Հրատարակութենէն տարի մը ետք, կը գնահատուի գիրքը Նոպելեան մրցանակով: Քերթողական սեռէ այդ փոխադրութիւններուն կը յաջորդեն թարգմանութիւններու շարք մը արձակ երկերու: Այդ շարքէն՝ «Ազգայնականութիւն» հատորին մէջ, խորազնին քննութեան կ՛առնէ ազգային ձգտումները Ճափոնի, Չինաստանի եւ ՄիացեալՆահանգներու եւ կը նախատեսէ չարիքները որ կրնան ծնիլ այդ երկիրներուն մոլեռանդօրէն նիւթապաշտ ոգիէն:

Դակորի կատարած շրջապտոյտներու ծիրին մէջ կ՛իյնայ նաեւ իր այցելութիւնը նորակազմ  Խորհրդային Միութեան, 1920-ին: Անկէ կրած իր տպաւորութիւները կու տայ առանձին հատորով մը՝ «Նամակ Ռուսաստանին».  որքան ցաւ կայ հոն՝ նո՛յնքան հաւատք՝ անոնց  բազուկներովը ջահաւորուելիք վաղուան վրայ:

1919-ին, երբ անգլիացի Զօր. Տայըրը Ամրիցարի մէջ կրակ կը բանայ՝նախատալից անիրաւութեան դէմ բողոքող հնդիկ ցուցարարներու վրայ, Դակորը խստաշունչ նամակով մը,կը  վերադարձնէ  հինգ տարի առաջ իրեն շնորհուած Սըր տիտղոսինպատուագիրը եւ շքանշանը: (Միեւնոյն ատեն մեղադրելով Կանտին արիւնահեղութեան համար):

Կալկաթայի մէջ, 1941-ի Օգոստոս 7-ին Դակորը փակեց տեսլավառ իր աչքերը այս աշխարհի լոյսին:

«Հիւրերուն որ պիտի մեկնին՝ ըսէք «Աստուած օգնէ ձեզի».

Բայց սրբեցէք բոլոր հետքերն երենց  ոտքին»:

Ծանօթութիւն.- Հատուածները  առնուած են Վահէ-Վահեանի «ռապինտրանաթ  դակոր»գիրքէն, հրատարակուած Պէյրութ, 1985 թուին:

Յ.Գ. Թերթի մը մէջ իբրեւ մահուան թուական գրուած էր Օգոստոս 21..(անշուշտ ՍԽԱԼ). եւ այդ պատճառ դարձաւ…յապաղումիս:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին