Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Մուսա Լերան Վագըֆ Գիւղին Մէջ Նշուած է Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի Օրը

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Օգոստոս 13-ին, նշած են Աստուածամօր Վերափոխման տօնը եւ Խաղողօրհնէքը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած՝ Օգոստոս 12-ի երեկոյէն սկսած, մեծ կաթսաներով եփած են աւանդական հարիսան: Միեւնոյն ժամանակ, մինչեւ կէսգիշեր, ներկայ եւ նախկին մուսալեռցիներն ու աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած հայերը՝ երգած ու պարած են հայկական երաժշտութեան ներքոյ:

Իսկ Օգոստոս 13-ի առաւօտեան, Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ, արք․ Գարեգին Պէքճեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է Աստուածամօր Վերափոխման տօնին նուիրուած պատարագ եւ Խաղողօրհնէք: Աւելի ուշ, արք Պէքճեանի օրհնութենէն ետք, հաւաքուածներուն բաժնուած է օրհնուած հարիսան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին