Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Օգոստոս 13-ին, նշած են Աստուածամօր Վերափոխման տօնը եւ Խաղողօրհնէքը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։
Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած՝ Օգոստոս 12-ի երեկոյէն սկսած, մեծ կաթսաներով եփած են աւանդական հարիսան: Միեւնոյն ժամանակ, մինչեւ կէսգիշեր, ներկայ եւ նախկին մուսալեռցիներն ու աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած հայերը՝ երգած ու պարած են հայկական երաժշտութեան ներքոյ:
Իսկ Օգոստոս 13-ի առաւօտեան, Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ, արք․ Գարեգին Պէքճեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է Աստուածամօր Վերափոխման տօնին նուիրուած պատարագ եւ Խաղողօրհնէք: Աւելի ուշ, արք Պէքճեանի օրհնութենէն ետք, հաւաքուածներուն բաժնուած է օրհնուած հարիսան: