ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 14-ին, ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ ալ Սիսիին, Աղեքսանդրիոյ մօտակայքը տեղի ունեցած ողբերգական վթարին առիթով, որ պատճառ դարձած է տասնեակ զոհերու եւ վիրաւորներու: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն։
Հանրապետութեան Նախագահը ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնած է նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ ալ Սիսիին եւ Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին, զոհուածներու ընտանիքներուն մաղթած ոգիի արիութիւն եւ տոկունութիւն, վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում: