Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Հակառակորդի Կրակոցէն Զինուոր մը Զոհուած է

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Օգոստոս 14-ին, ժամը 11:00-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Արման Սամուէլի Մովսիսեանը:

Արցախի պաշպանութեան բանակի պաշտօնական կայքէջին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ դէպքին մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին