ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Ասթանայի մէջ առանձնազրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ երկուստէք ընդգծուած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կ’աճի, եւ երկկողմ տնտեսական ցուցանիշներուն մէջ առկայ են դրական միտումներ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի շարք մը հարցեր, ներառեալ ՌԴ գործադիր մարմինի ղեկավարի` Հայաստան նախատեսուող այցի ժամկէտները:
Յիշեցնենք, որ Կարէն Կարապետեան Ասթանայի մէջ, կը մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: