Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը, շուրջ մէկ տարի է, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ նախախնամութեամբ, կը տրամադրէ օգնութիւն շրջանի անապահով ընտանիքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։
Մէկ տարուան ընթացքին Տեսչութիւնը օգնած է շուրջ 189 ընտանիքի: Այդ ընտանիքներուն, իբրեւ օգնութիւն, տրամադրուած է սննդամթերք, բժշկութեան համար դրամական աջակցութիւն, ուսման վարձ, տան վարձ, տակդիրներ:
Իւրաքանչիւր օգնութիւն կը տրամադրուի Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ` Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի եւ Ախալցխայի յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ` արժանապատիւ Տէր Թորգոմ քահանայ Վարդանեանի ներկայութեամբ ու անմիջական մասնակցութեամբ: