Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ Դ. Գիրքերու Աշխարհը – Տիեզերք է Անեզր Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէնին Հետ

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Օ՜, գրքերի աշխարհը – տիեզերք է անեզր:

Նրանք շա՜տ են ու բազմապիսի,
իւրաքանչիւրն իր մէջ մի աշխարհ է ուրոյն,
եւ պատմում են նրանք մեզ աշխարհի մասին
խօսքերով անկրկնելի ու անագորոյն:

Եղիշէ Չարենց

Գիրքերը կը լուսաւորեն հոգին, կ’ոգեշնչեն ու կը զօրացնեն մարդը, անոր մէջ կ՝առաջացնեն լաւագոյն ձգտումներ, կը սրեն անոր միտքը եւ կը մեղմացնեն սիրտը: Այս շաբաթ  մեր պտոյտը կանգ առաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ: Հայաստանի Ազգային գրադարանը հայ տպագիր արտադրանքի ամենամեծ պահոցն է աշխարհի մէջ: Գրադարանի հարուստ գանձարանին մէջ կը պահպանուին հայերէն առաջին տպագիր գիրքը` «Ուրբաթագիրք»-ը, առաջին պարբերականը` «Ազդարար»-ը, առաջին տպագիր քարտէզը` «Համատարած աշխարհացոյց»-ը: Տարբեր տարիներուն գրադարանի ընթերցողներ եղած են հայ անուանի գրողներ Աւետիք Իսահակեանը, Դերենիկ Դէմիրճեանը, Պարոյր Սեւակը, Նայիրի Զարեանը, յայտնի գիտնականներ Վիքթոր Համբարձումեանը, Սերգէյ Մերկելեանը, Ճոն Կիրակոսեանը, Էդուարդ Ջրբաշեանը եւ շատ ուրիշներ:

 «Զարթօնք»-ի այս շաբթուայ  «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքի զրուցակիցն է գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը: Ան ծնած է 25 Փետրուար 1954-ին, Երեւան: Ուսանած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանին մէջ, մասնագիտացումը` գրադարաններու եւ արխիւներու թուայնացում եւ կառավարում: Ունի աւելի քան 25 տարուան մասնագիտական փորձ: Մասնակցած է Հայաստանի գրադարաններու ինքնաշխատացուած ցանցի նախագծման աշխատանքներուն: 1994-2003 թուականներուն աշխատած է հանրապետական գիտաբժշկական գրադարանի ինքնաշխատացման բաժինի վարիչ, ապա` ԵՊՀ գրադարանի ինքնաշխատացման բաժինի վարիչ: 2006 թուականին եղած է ՀՀ ԳԱԱ Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնը: 2007-2009 թուականներուն աշխատած է eIFL-FOSS (ազատ գաղտնաբառերով ծրագրաշարեր) միջազգային ծրագիրի համակարգող, իսկ ՀՀ ԳԱԱ միջազգային գիտակրթական կեդրոնին մէջ, 2008 թուականին, եղած է «Գրադարանային գործ եւ տեղեկատուական աղբիւրներ» ամպիոնի վարիչը: 2011 թուականին նշանակուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն: 2013-ին խրախուսուած է ՀՀ վարչապետի շնորհակալագիրով: 2014 Մայիս 23-ին, ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացիի մետալով:

«Զ.» – Պարոն Զարգարեան մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ՞ք գրադարանի ստեղծման պատմութիւնը:  Զարգացման ի՞նչ շրջափուլեր անցած է:

«Տ. Զ.» -Հայաստանի Ազգային գրադարանի պատմութիւնը սկիզբ կ’առնէ 1919 թուականի Յուլիս 5-ին, երբ առաջին հանրապետութեան ղեկավարութիւնը՝ հասկնալով Ազգային գրադարան ունենալու կարեւորութիւնը, ուր պէտք է հաւաքուէր մեր տպագիր ժառանգութիւնը եւ ատիկա պէտք է ըլլար ե՛ւ գրադարան ե՛ւ մատենադարան. որոշում  կ’առնեն ստեղծել հանրային մատենադարան, բայց  անշուշտ որ գործառոյթները, որոնք նշուած էին, ազգային գրադարանի գործառոյթներն էին: Պէտք է նշեմ, որ անդրկովկասեան երեք հանրապետութիւններէն միայն Հայաստանի ղեկավարութիւնն էր, որ այդ ծանր պայմաններուն մէջ դիմեց Ազգային գրադարան ստեղծելու քայլին: Ո՛չ Վրաստանը, ո՛չ Ազտրպէյճանը այդպիսի բան ըրին`իրենք չստեղծեցին իրենց գրադարանները: Այդ ժամանակ կոչ եղաւ ամբողջ հայութեան, որպէսզի համալրեն գրադարանի հաւաքածուները: Գրականութիւն բերին Երեւանի «Արական գիմնազիա»-ի գրադարանէն, որուն 18.000 միաւոր հաւաքածոյին եւ նուիրատուութիւններուն հիման վրայ կազմաւորուեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը: Դժբախտաբար այն ժամանակ չեն արձանագրած, թէ ինչ գիրքեր ստացած են: Գրադարանի հարուստ գանձարանին մէջ կը պահպանուին հայերէն առաջին տպագիր գիրքը` «Ուրբաթագիրք»-ը (1512թ., Վենետիկ), առաջին պարբերականը` «Ազդարար»-ը (1794թ., Մատրաս), առաջին տպագիր քարտէզը` «Համատարած աշխարհացոյց»-ը (1695թ., Ամսթերտամ) ցաւօք մենք չենք գիտեր, թէ այդ գիրքերուն մեծ մասը ովքե՞ր նուիրած են Ազգային գրադարանին, բայց այդ գիրքերը եղած են գրադարանի սկզբնաւորման շրջանէն: Իսկապէս ժամանակի ընթացքին եղած են նուիրեալ մարդիկ`գիրքը յարգող ու սիրողներ, որոնք կարեւոր համարելով գրադարանի դերը եւ ապագայի միտուածութիւնը իրենց գրական հաւաքածոները նուիրած են ազգային գրադարանին `առանց վաճառելու, առանց գումար վերցնելու: Կ’ուզեմ նշել նաեւ , որ մեր գրադարանը շատ արժէքաւոր նիւթեր նուէր ստացած է ու կը ստանայ նաեւ սփիւռքահայ մեր բարեկամներէն, որ շատ ողջունելի է:

«Զ.» – Հայաստանի Ազգային գրադարանը հայ տպագիր արտադրանքի ամենամեծ պահոցն է աշխարհի մէջ: Որքա՞ն կը կազմէ գիրքերուն արխիւը: Մօտաւորապէս քանի՞ միաւոր գիրք ունի գրադարանը եւ ի՞նչ կազմակերպութիւններու հետ կը համագործակցիք, որո՞նք են գրադարանի բարեկամներն ու բարերարները։

«Տ. Զ.» – Գրադարանի հաւաքածոն, կարելի է ըսել, կը կազմէ մօտաւորապէս 6.4 միլոն հաշուառային միաւոր: Այսօր, հաւաքածոն վերահաշուարկման մէջ է, թիւը կրնայ փոփոխուիլ, բայց մօտաւոր թիւը, որմէ հայերէն տպագիր ժառանգութիւնը, կը կազմէ 1 միլիոն 150 հազար։ Ասոր մէջ կը մտնեն գիրքեր, պարբերական հրատարակութիւններ, քարտէզներ: Ամենամեծ հաւաքածոն ռուսերէն տպագիր նիւթերն են, որովհետեւ մենք գիտենք, որ Խորհրդային տարիներուն տպագրութիւնը շատ մեծ ծաւալներով կը կատարուէր` տարբեր լեզուներէ կը թարքմանուէին համաշխարհային գրականութեան մեծերու գործերը եւ անոնք կը բաշխուէին գրադարաններուն: Մենք համատարած կը համագործակցինք աշխարհի բոլոր գրադարաններուն հետ, իրենց հետ գրքափոխանակութիւն կ’իրականցնենք: Կը համագործակցինք նաեւ հայագիտական կեդրոններու հետ, որոնց հետ շատ լաւ կապեր ունինք, որովհետեւ Սփիւռքի մեր գաղթօճախներուն մէջ եւս կան նուիրեալներ որոնք կը պահպանեն հայկական գիրը, հայ ոգին՝ տպագիր թերթերու տեսքով եւ կ՝ուղարկեն մեզի, որուն համար մենք շնորհակալ ենք անոնց: Նոյնը կրնամ ըսել «Զարթօնք»-ի մասին, որուն հետ շատ լաւ համագործակցութիւն սկսած ենք: Մենք ուրախ ենք իւրաքանչիւր նուիրուած հաւաքածուի համար: Գրադարանի ամենամեծ բարերարներէն են արժանթինահայ բարերար Թաթա Յովսէփը, որուն աջակցութեամբ բացուած է Ազգային գրադարանի թուայնացման կեդրոնը,  Շահմուրատեաններու ընտանիքը, որուն հովանաւորութեամբ վերանորոգուած է եւ կահաւորուած Ազգային գրադարանի գիտական ընթերցասրահը: Ունինք այլ բարերարներ եւս, որոնք տարիներու ընթացին հարստացուցած են, աջակցած են Ազգային գրադարանին:  

«Զ.» -Քանի՞ մասնաշէնք ունի գրադարանը: Ինչպէ՞ս կ’իրականցուի ընթերցողներու սպասարկումը: Ի՞նչ ընթերցասրահներ ունի գրադարանը:

«Տ. Զ.» – Գլխաւոր մասնաշէնքը Թամանեանական մասնաշէնքն է, որ կառուցուած է 1939 թուականին եւ ունի հետաքրքրական պատմութիւն: Անիկա կառուցուած է Մելքոնեան եղբայրներ հիմնադրամին եւ պետութեան գումարներով, որովհետեւ անկախացումէն յետոյ իրենք մեծ աշխատանք սկսան` կ՝աջակցէին թէ՛ ազգային գրադարանին, թէ՛ հրատարակութիւններուն, թէ՛ Երեւանի Պետական համալսարանին: Դժբախտաբար, յետագային, այդ հիմնադրամը լուծարուեցաւ, մարդոց ձերբակալեցին, գնդկահարեցին, իրենց անունը մոռացութեան մատնեցին: Այսօր, մենք արխիւներէն վեր հանած ենք անոնց վերաբերեալ նիւթերը, դրած ենք գրադարանի միջանցքը՝ բոլորի աչքին առջեւ, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք այն մարդոց , որոնք աջակցեցան այս մասնաշէնքի ստեղծման:  Յաջորդը վարչական մասնաշէնքն է, ուր նոյնպէս գրապահոցներ կան: Ընդհանուրը միասին ունինք չորս մասնաշէնք, որմէ եկուքը կարելի է ըսել կրաւորական են, որովհետեւ այնտեղ միայն գրապահոցներ են, իսկ միւս երկուքը գործօն են, որովհետեւ ընթերցասրահներ կան` մարդիկ կու գան, կը կարդան, կ’աշխատին: Հայաստանի Ազգային գրադարանէն կրնան օգտուիլ 17 տարին լրացած անձինք: Ընթերցողական տոմս ստանալու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել անձնագիր եւ երկու լուսանկար: Ընթերցողական տոմսը կը տրուի անվճար:

«Զ.» -Ձեր կարծիքով այս համացանցային, թուայնացման ժամանակահատուածին որո՞ւն համար պէտք է գրադարանը: Հնարաւո՞ր է, որ օր մը գրադարաններ այլեւս չըլլան:

«Տ. Զ.» – Ցաւօք սրտի, ամբողջ աշխարհի մէջ, արդէն կը փակուին տարբեր գրադարաններ: Համալսարանական գրադարանները այցելուներու խնդիր ունին: Բայց անշուշտ գրադարանները պէտք են, որովհետեւ անոնք եղած են միջին դարերէն ի վեր, այսինքն գրադարանները իրենց գործառոյթը, իրենց կարեւորութիւնը ժամանակի մէջ արդէն ապացուցած են` հաստատած են, որ գրադարանը իսկապէս պէտք է: Որիշ հարց է, որ որ գործառոյթները կը փոխուին, ամէն պարագայի գրադրանը կարդալու վայր է, բայց նաեւ հասարակական միջավայր է, ուր մարդիկ կու գան կը հանդիպին, կը քննարկեն։ Խաղաղ միջավայր է, ուր հեռախօսի զանգեր չկան, խօսակցութիւն չկայ, հիւրեր չկան , այսինքն բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի գրադարանը: Շարունակելով հարցին պատասխանը, ըսեմ, որ շատերուն կը թուի, թէ թուայնացումը գրադարաններու դռներուն վրայ փական պիտի կախէ, բայց ես չեմ կարծեր, որ այդպէս ըլլայ. ուսումնական եւ գիտական գրականութիւնները արագ հիննալու յատկութիւն ունին, որովհետեւ գիտութեան որեւէ բնագաւառ, որ կը փոփոխուի, արդիւնքը պէտք է անմիջապէս հասցնել հետազօտողին, ուսումնասիրողին կամ պարզապէս հանրութեան, այս պարագային, թուային նիւթերը միանշանակ կերպով ապագայ ունին: Այսօր աշխարհի վրայ գիտական ամսագիրներ՝ թղթային տարբերակով, այլեւս լոյս չեն տեսներ, բոլորը ելեկտրոնային տեսքով են: Ոսումնական գրականութիւնը նոյնպէս, հեռաուսումնական հարթակներու հետ կապուած, կը տեղափոխուի թուային միջավայր, բայց ընդհանրապէս գիրքը իր ձեւաւորումով, ներսի ներդիրներով, ի հարկէ թուայինին երբեք չի հասնին: Այսինքն, այս երկու միջավայրները միասին պիտի շարունակեն ապրիլ: Մենք գիտենք, որ գիրքը` տպագիր թուղթը՝ 500 տարիէն աւելի գոյատեւած է եւ կայ մինչեւ այսօր: Ելեկտրոնային տարբերակի մէջ՝ օրինակ, կրիչները շատ արագ կը հիննան, նոյնը՝ հեռախօսները, համակարգիչները։ Ես վստահ եմ, որ երկու տարի ետք անոնք նոյնպէս պիտի հիննան: Քանի մը տարի առաջ կային սկաւառակները, որոնք տեղը զիջեցան կրիչներուն։ Ես չեմ գիտեր վաղը ինչ պիտի գայ, չի բացառուիր, որ այս կրիչներն ալ փոխուին, որովհետեւ «ամպային» տիրոյթներու կ’անցնինք: Վաղը եթէ հոսանքի խնդիր ըլլայ, կամ որեւէ վարակի յարձակում համակարգիչներուն վրայ, ամբողջ նիւթերը կրնան անհետանալ, իսկ թուղթը կայ, կրնանք բանալ ու կարդալ: Ես չեմ գիտեր յիսուն տարի ետք, երբ համակարգիչները զարգանան, մարդիկ կարենան օգտագործել այս կրիչներուն նիւթերը: Ճիշդ է, թուային միջավայրը շատ լաւ բան է, որովհետեւ տարածութիւնը եւ ժամանակը կը մօտեցնէ`կարիք չկայ այլեւս գալ հասնելու Հայաստան, որեւէ գիրք կարդալու համար, որ կայ միայն ազգային գրադարանին մէջ։ Մենք կը թուայնացնենք նոյն «Զարթօնք»-ը եւ ողջ աշխարհը կրնայ կարդալ: Բայց իբրեւ անձեռնմխելի օրինակ, իբրեւ ապահովագրական օրինակ: Գրադարանները կը մնան եւ կը շարունակեն գոյատեւել, պարզապէս գործառոյթները պէտք է միշտ փոփոխել: Ես վստահ եմ, որ մեզմէ 200 տարի առաջ ալ գրադարանները եղած են մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնք լուծուած են: Այսիքն, ես հանգիստ եմ, գրադարանները եղած են եւ կը մնան, թուղթը նոյնպէս:

«Զ.» -Իսկ թուայնացման գործընթացը այսօր ի՞նչ մակարդակի հասած է: Ի՞նչ շտեմարաններ ստեղծած է գրադարանը:

«Տ. Զ.» – Շտեմարանները ստեղծած ենք շատ ուղղութիւներով: Առաջինը՝ հայ գիրք շտեմարանն է, որ աւելի շատ կը հետաքրքրէ հայ ազգին: Երբ 1512-1513 թուակններուն Յակոբ Մեղապարտը «Ուրբաթագիրք»-ը տպագրեց, առ այսօր ունեցած ենք 125-127 հազար վերնագիր, որ շատ չէ, ցաւօք, մենք բոլորը չունինք, մեկնելով շատ-շատ հանգամանքներէ։ Խորհրդային շրջանին կային կաղապարներ, որոնց մէջ շատ գիրքեր պարզապէս Հայաստան չէին գար: Մէկ մասը կը մնար Մոսկուայի փակ արխիւներուն մէջ, մէկ մասն ալ կու գար Հայաստանի փակ արխիւներ, շատերու էջերը կը հանէին: Հին շրջանին ալ արշաւանքներու, պատերազմներու ժամանակ բազմաթիւ գիրքեր կորսուած են: Այսօր մեր նպատակն է, որ գոնէ փորձենք մատենագիտական ցանկերու հետ համեմատելով, բոլոր գիրքերը ելեկտրոնային տեսքով նկարագրել: Այսինքն առաջին շտեմարանը «հայ գիրք»-ն է, որ մենք կը ձեւաւորենք, որպէսզի վերջին հաշուով հայ ազգը, հայ հետազօտողները հասկնան մեր տպագիր ժառանգութեան`գիրքի ուղին:

“Շատ լաւ կը համագործակցինք «Զարթօնք»-ի հետ, որուն համար շնորհակալ ենք խմբագրութեան, որովհետեւ լայն մտահորիզոն ունեցող մարդիկ են, կը հասկնան աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ թուայնացման կարեւորութիւնը եւ կ՝աջակցին մեզի:”

 

Այսօրուան դրութեամբ, մենք 8089 թուայնացուած գիրք ունինք «Հայ գիրք» շտեմարանին մէջ: Նշեցի, որ տարիներու ընթացքին ունեցած ենք 125-127 հազար վերնագիր, որուն մօտաւորապէս 10%-ը մենք արդէն թուայնացուցած ենք, որմով լուծած ենք երկարաժամկէտ պահպանութեան խնդիրը: Երկրորդ խոշոր շտեմարանը «Հայ մամուլ»-ն է: Մեր հայ մամուլը աշխարհի մէջ շատ պահանջուած է հայագէտներու կողմէ, որովհետեւ շատ եզակի նմոյշներ ունինք: Օրինակ, ասորիրները 1920-ական թուականներուն, հայերուն հետ արտագաղթած են Պոսթըն եւ այնտեղ սկսած են հրատարակել երկու թերթ՝ «Բաբելոն» եւ «Նինուէ», եւ քանի որ ասորի պզտիկները՝ ապրելով հայկական միջավայրի մէջ՝ ասորերէն չեն հասկցած, թերթերը եղած են հայատառ եւ շատ փոքր հատուած մը միայն՝ ասորերէն: Այս երկու եզակի թերթերը մենք գտած ենք Շուէտի արխիւներուն մէջ եւ ստացած ենք պատճէնները: Մեր հայ մամուլը շատ է, շատ մեծ պատմութիւն ունի, յատկապէս գաղթօճախներու կեանքը, որ նոյնպէս կը թուայնացնենք: Հայ մամուլէն արդէն ունինք 2,5 միլիոն թուայնացուած էջ: Բայց քանակները շատ մեծ են, պատկերացնենք օրաթերթեր են, ամէն օր լոյս տեսած են համարներ, որոնք կը կազմեն շատ մեծ թիւ: Մեր ամենաերկարակեաց թերթը  Պոսթընի մէջ լոյս տեսնող «Հայրենիք»-ն է, որ կը հրատարակուի 1908 թուականէն մինչ այսօր: Բայց այս բոլորը թուայնացման ընթացքի մէջ են: Ինչպէս նշեցի, շատ լաւ կը համագործակցինք «Զարթօնք»-ի հետ, որուն համար շնորհակալ ենք խմբագրութեան, որովհետեւ լայն մտահորիզոն ունեցող մարդիկ են, կը հասկնան աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ թուայնացման կարեւորութիւնը եւ կ՝աջակցին մեզի: Երրորդ շտեմարանը հայկական ատենախօսութիւններն են, որովհետեւ ատիկա նոյնպէս մեր գիտութեան պատմութիւնն է: Գիտութիւնը Հայաստանի մէջ, յատկապէս Խորհրդային ժամանակաշրջանին, զարգացած է. ամէն պարագայի, ատիկա մեր գիտութեան զարգացումն է, որ նոյնպէս կը թուայնացենք: Մէկ խօսքով՝ խոշոր շտեմարանները ասոնք են, բայց ունինք նաեւ «Արցախեան գոյամարտ», «Սասնայ Ծռեր» էպոսը եւ այլ փոքր թուայնացուած շտեմարաններ:

«Զ.» -Պարոն Զարգարեան շատ շնորհակալ ենք բովանդակալից զրոյցի համար: Գիրքերը հեռաւորներու եւ ննջեցեալներու ձայներն են. անոնք մեզի կը դարձնեն անցած դարերու հոգեւոր կեանքի ժառանգորդները:  Գրադարանը կը գտնուի Երեւան, Տէրեան 72 հասցէին վրայ: Հեռ.` +374 60 623513, +374 60 623515, կայքէջ `www.nla.am

Այս էջը կը հովանաւորէ՝ «Զարթօնք»ի հաւատարիմ ընթերցող մը, գնահատելով «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին