Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Մարտահրաւէր

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Ո՞վ բազմիցս չէ լսած ու գործածած թէ՝ «իրաւունքը զօրաւորին է»: Բան մը որ շա՜տ բնական է ու բնութեան ընթացքը ուրիշ բան չէ: Կենդանական աշխարհը ինքնին հանրագիտարան է գործնական: Իսկ կեանքի ընթա՞ցքը… ռազմաշունչ երբ, սպառազինման արշաւ… որու համար ալ հարկաւոր են արհեստագիտական սարքեր, սակայն ո՞վ պիտի շահի մրցումը, եթէ ոչ ան՝ որ աւելի զօրեղ է եւ տարածուն:

Հին դարերուն, երբ մարդիկ քարերով կը կռուէին եւ փայտերով, արդէն դրամի հնարքը մութ էր տակաւին:

Սակայն մենք մեր անբուժելի ցաւին դառնանք ու նստինք հաշուեյարդարի:

Եթէ հաշուեյարդար կատարած ենք,  կը մնայ այսօրուան հետ ապագային քալել, կեանքի ընթացքով… սակայն շատ հեռու ենք առաջինէն եւ 100ին արդէն գումարներ սկսանք 1,2, եւ դեռ…այսինքն՝ 100ամեակէ աւելի անյաջողութիւններ, նկատի ունենալով անցեալի պատմութիւնը, որը տակաւին իր հետքերը, յիշատակները կը պահէ ու կը խոցէ:

Անշուշտ երկիր մը ամբողջ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ մը, եւ դարերու մէջէն մեր ապրած տարածքները չէին կրնար մէկ օրէն միւսը մոռցուիլ, երբ տակաւին յուշերը կը տանին արմատներուն ու հոն ուր կերտեր ենք դպրոց, տուն, եկեղեցի, գերեզման, յուշակոթողներ՝ ստիպողաբար:

Հարիւրամեակ, առաւել երկու… Ի՞նչ ըրինք հաւաքաբար՝ այս ժամանակաշրջանին… տեղքայլ: Հարիւրամեակի քաղուածքը  չէ մեր միտքը, այլ՝ ախտաճանաչում մը,  որ 1911-ին Ռուբէն Սեւակ իր «ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄ» գրութեամբ տուած է, որմէ «Բայց ամէ՛ն ազգէ աւելի Հայ մտաւորականութիւնը կը վխտայ այս բացասական հանճարներով» եւ «Ահա թէ ինչու՞ իրական վտանգները թողլով՝ հովերուն դէմ մենք մեզի դէմ կը պարքարինք»:

Ցեղասպանութեան ճանաչում կ՛աղերսենք,կը պաղատինք, կը մուրանք, որոնց պէտքը պիտի չունենայինք եթէ ժամանակին եւ նոյնիսկ մօտիկ անցեալին կարենայինք մենք մեզ ըլլալ, ինչ որ ինքնին պարտադրանք է մեր Դատը առաւելագոյնս արդարացնելու:  Մենք մեր անկեան մէջ կ՛ողբանք, կը վիճինք. Ինչի՞ կը վստանինք. «Մարդկային Իրաւունքներո՞ւ».«Մշակոյթի պահապաններո՞ւ»…ինչի՞, որո ՞նց: Հայկական եկեղեցիներ կը քանդուին, կամ՝ ախոռի կը վերածուին կամ «Գերեզմանատան վրայ լուացարան կառուցելու որոշում կ՛առնուի» ..«Վանի հայկական գերեզմանոցը կը սրբապղծուի»… եւ դեռ իչե՜ր: Եւ ինչու՞ չէ: Յաղթողի իրաւունքն է: (Հոս, եթէ կարելի է, ակնարկ մը նետենք մենք մե՛ր վրայ):

Մուհամմէտ երբ 1453-ին գրաւեց Կոստանդնուպոլիսը, ինչե՜ր չըրին օրինական եւ աջէն ու ձախէն հաւաքած իր ռազմիկները: Սակայն մեր նիւթը Այա Սոֆիա եկեղեցին է, որ վերածուեցաւ մզկիթի…4 մինարէ բարձրացաւ, որպէսզի մէկ կողմէ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեն, միւս կողմէ ալ՝ ժողովուրդը աղօթքի հրաւիրեն… իսկ քաղաքն ալ կոչուեցաւ Իսթամպուլ ու տակաւին…

Ո՞վ ի՛նչ կրնայ ընել…

ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ  ԶՕՐԱՒՈՐԻՆ Է:

ՀԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ… ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին