Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Վագըֆ Գիւղին Մէջ Շուտով Պիտի Կատարուի Ազգապատկան Նոր Կեդրոնին Բացումը

Ծանօթ ազգային Միհրան Ուլիկեան, որ 1997-ին հիմնովին բարենորոգած էր Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, յետագային, իբրեւ ձեռնարկի գլխաւոր հսկիչ, իր շուրջ համախմբելով համայնքէն այլ բարերարներ՝ եկեղեցիին կից 1000 քառակուսի մեթր տարածքին վրայ ձեռնարկեց ազգապատկան հսկայ կառոյցի մը շինութեան։ Այս կառոյցը պիտի ծառայէր համախմբելու տեղւոյն հայութիւնը, ընդունելու այլ տեղերէ հիւրեր, ծանօթացնելու տեղւոյն հայ բնակիչներու արտադրութիւնները, մէկ խօսքով՝ պիտի ըլլար ազգային եւ մշակութային առումով կեդրոն մը։ Կառոյցին հիմնարկէքը կատարուեցաւ 2014-ին։ Այս արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն քաղաքապետը, նահանգապետը եւ վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնը։

Ըստ պոլսահայ «Մարմարա» թերթին՝ Ուլիկեան կը տեղեկացնէ, թէ ներկայիս այս ծրագիրը իր աւարտին հասնելու մօտ է։ Շէնքէն ներս կառուցուած է 150 անձ ընդունելու յարմար հաւաքասրահ մը, հոգեւորականի յատուկ սենեակ մը, 9 հիւրասրահներ, կանանց աշխատութեան համար հաւաքասրահ, տեղացիներու արտադրութիւններու վաճառքին ծառայող սրահ, որուն գործածութեան համար արտօնագիր առնուած է, ինչպէս նաեւ «Մուսա Տաղ» անունով թանգարան մը, որուն մէջ պիտի պաշտօնավարէ տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի կողակիցը՝ Լորա Պայթար-Չափար, որ ներկայիս կը գործէ Անթաքիոյ թանգարանին մէջ։ Թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին Անթաքիոյ տարածքին ապրած անձերէ մնացած իրեղէն, պատկերներ եւ վաւերաթուղթեր։ Շէնքին մէջ կան բնականաբար այլ բաժանումներ եւս՝ հարկաւոր կարիքներու համար։

Շէնքին բացումը պիտի կատարուի Կիրակի, Սեպտեմբեր 17-ին, Ս. Խաչի տօնին, որ մուսալեռցիներուն համար Մուսա լեռը դատարկելու եւ այլուր մեկնելու յիշատակի աւանդական հանդիսութեան օրն է։ Այդ տօնը պիտի նշուի մեծաշուք արարողութիւններով, Պոլիսէն եւ արտասահմանէն հիւրերու ներկայութեամբ։

Օգոստոս 13-ին, Ս. Աստուածածնայ Խաղողօրհնէքի տօնին նաեւ, Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աւանդական շուքով արարողութիւններ պիտի կատարուին։ Օր մը առաջ, Շաբաթ գիշեր, պիտի պատրաստուի 7 կաթսայ հերիսայ, որ յաջորդ օր պիտի բաժնուի ժողովուրդին։ Արարողութիւններուն պիտի հանդիսապետէ պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան։ Ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Սահակ եպս. Մաշալեան։

Միւս կողմէ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Վագըֆ գիւղի հայերը Օգոստոս 26-ին պիտի այցելեն Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր Շաբաթ գիշեր երկու կաթսաներով հերիսայ պիտի պատրաստեն։ Մինչ այդ, պիտի սարքուի խրախճանք՝ երգերով ու պարերով։ Յաջորդ օր, Կիրակի, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի, ապա հերիսայ պիտի բաժնուի ժողովուրդին։ Այս առիթով, Վագըֆի բնակիչները իրենց արտադրութիւնները պիտի ներկայացնեն ժողովուրդին։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին