Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը, գլխաւորութեամբ իր ատենապետ՝ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, գիտէ՛ պատուել եւ յարգել արժանաւոր հայորդիները, որոնք տարիներ շարունակ կեանք ու ժամանակ նուիրած են հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցիին ու հայրենիքին, մնալով միշտ պատնէշի վրայ:
Ահա, այդօրինակ յարգանքի հաճելի երեկոյ մըն էր Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2017-ի երեկոն, երբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան Կեդրոնի Ասպետներու սրահէն ներս Միութեանս Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամները, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները իրենց տիկիններով ներկայ էին, որպէսզի ողջերթ մաղթէին Լիբանանի Թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, որ մօտ օրէն հրաժեշտ պիտի առնէ լիբանանահայ գաղութէն, մեկնելու ու պաշտօնավարելու համար Յունաստան, ստանձնելու՝ Յունաստանի Կիլիկիոյ Թեմի առաջնորդի պաշտօնը:
Հաճելի ու զուարթ միջոցառման ներկայ էին նաեւ լիբանանահայ ազգային բարերար եւ հանրածանօթ դէմք՝ պարոն Երջօ Սամուէլեան եւ այլ Միութենական պատասխանատու անդամներ եւս: Հանդիպումը սկսաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ ու Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տիար Վիգէն Չէրչեանի խօսքով, ուր ան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի անունով հակիրճ տողերու մէջ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան հօր եւ միաժամանակ գնահատեց երկար տարիներու անոր կատարած դերը՝ Լիբանանէ ներս, թուելով Սրբազան հօր բարեմասնութիւնները: Ան ըսաւ.« Այս օրերուն, երբ մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ բոլոր գաղութները մարդու անհրաժեշտութիւն ունին, վստահ ենք, որ յունահայ համայնքը մեծապէս պիտի օգտուի ազգային առաքելութիւններու հաւատարիմ Ձեր կեցուածքներէն: Պաշտօնները չեն արժեւորուիր անուններով, այլ կատարուած աշխատանքով: Ձեր գործունէութիւնը լիբանանահայ համայնքին մէջ վառ ապացոյցն է մեր այս արտայայտութեան: Միւս կողմէ, յանուն Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի կը շնորհաւորենք Հռոմի Լաթերան քահանայապետական համալսարանի եկեղեցական իրաւագիտութեան մագիստրոսի վկայականով Ձեր վկայուիլը»: Ապա, ան մաղթեց քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն սրբազան հօր՝ իր նոր առաքելութեան մէջ:
Պարոն Վիգէն Չէրչեանի խօսքէն ետք սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան ըսաւ. «111 երկար տարիներու վաստակ ունեցող Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, անկասկած որ եղած է Ազգանուէր ու Եկեղեցանուէր ու միշտ ալ անդաւաճան հայրենասիրութեամբ ծառայած մեր ժողովուրդին: Այսօր եւս, Միութեան բոլոր մասնաճիւղերը, կը շարունակեն նոյն առաքելութիւնը՝ պահելով աւանդական սովորութիւնները, որոնք եկած են Միութեան հիմնադիրներէն եւ նախագահներէն: Այսօր, ուրախ ենք, որ Միութեանս աւագանին համախմբուած է, յարգանքի տուրք մը տալու հոգեւորականի մը, որ կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան կարկառուն դեմքերէն, որ եղաւ «Հովիւ քաջ», «Մշակ առանց ամօթի» եւ ազնիւ «Սերմնացան», որ ցանեց սիրոյ եւ հաւատքի հունտեր լիբանանահայ հաւատացեալներու մէջ»: Ան շարունակեց ու ըսաւ. «Հոգեւորական ասպարէզը կը նմանի զինուորական ծառայութեան, ուր դերեր ու դէմքեր յարափոփոխ են. Սակայն, ընդհանրապէս, մեր կեանքին մէջ կը նշմարենք այն, որ մարդ կը սկսի լողալ փոքր աւազանի մէջ, ապա լիճի մէջ, հուսկ ապա ծովու մէջ, աւելի ուշ բացուելու համար ովկէանոս: Սակայն, Գեղամ Սրբազանի պարագային պատահեցաւ հակառակը… ան կ’երթայ ծովէն դէպի փոքր լիճ, բայց ո՛չ լճանալու… այլ ալեկոծելու եւ կենդանութիւն ու կեանք պարգեւելու Յունաստանի հայ գաղութի Անթիլիասական թեմին»:
Համբիկ Մարտիրոսեանի խօսքերէն ետք խօսք առաւ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ. «Յուզումնախառն պահ է. Բազմաթիւ սիրելի դէմքեր կան շուրջս, որոնց հետ անցուցինք կեանք մը եւ որոնք եկած են ինծի ողջերթ մաղթելու այս երեկոյ: Զգացուած եմ: Մեծապէս կը գնահատեմ Ձեր քայլը, նամանաւանդ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ատենապետ պարոն Ժէրար Թիւֆէնքճեանի մօտեցումը, որ կ’ուզէ մեծարել հայ հոգեւորական մը: Համեստս, երկար տարիներ պաշտօնավարեցի Լիբանանի Թեմէն ներս, եւ այդ տարիներուն ջանացի մնալ ամբողջ գաղութի առաջնորդը անխտիր: Այսօր, երբ կ’անդրադառնամ գաղութի դերին ու տեղին, կը հաւատամ, որ մէկդարեայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը անցնող 111 տարիներու ընթացքին որքա՜ն սատար հանդիսացած է ազգին, եկեղեցիին ու հայրենիքին եւ տակաւին կը շարունակէ ծառայել նոյն խանդավառութեամբ, հաւատարիմ իր նախնիներու գծած ճանապարհին: Ճիշդ է, կ’երթամ Լիբանանէն, բայց հետս կը տանիմ ամենաքաղցր յիշատակները կեանքիս՝ առնչուած այս Մայր Գաղութի հետ»:
Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին կրկին-կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի պատասխանատուներուն եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: Ներկաներ, լսելէ ետք Սրբազան հօր սրտամօտ խօսքերը, անգամ մ’ալ համոզուեցան, որ «Բազում են կոչեցեալք… բայց սակաւ են ընտրեալք…»:
Հաճելի երեկոն շարունակուեցաւ զրոյցներով ու հիւրասիրութեամբ, մինչեւ ուշ գիշեր:
Հ.Մ.