Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Վանի Հայկական Եկեղեցիներէն Մէկուն Պատկանող Հնագոյն Զանգը Պիտի Վերադարձուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցիին

Վանի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն պատկանող հնագոյն զանգը, որ անյայտ պատճառներով յայտնուած է Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը, պիտի վերադարձուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Amedtoday.org կայքին փոխանցած տեղեկութիւններով` 629 տարուան պատմութիւն ունեցող զանգը ներկայիս ցուցադրուած է Իրանի Ուրմիա քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ:

Իրանը պատրաստ է մօտ 7-դարեայ պատմութիւն ունեցող զանգը վերադարձնելու Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին:

Օգոստոս 9-ին իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահի տեղակալ Միրհատի Գարեսէյյէտ-Ռոմիանին նշած է. «Մենք Իրանի մէջ գտնուող բոլոր պատմական յուշարձանները եւ աշխատանքները անոնց ծագման երկիրներուն յանձնելու քաղաքականութիւն սկսած ենք»:

Իրանցի պաշտօնեան յոյս յայտնած է, որ այս գործընթացը աշխարհին եւ ողջ մարդկութեան ցոյց պիտի տայ, որ Իրանը իսկապէս բարիդրացիական երկիր է:

«Amedtoday.org» կայքը նաեւ կը նշէ, որ զանգը 1377 թուականի Յուլիս 7-ին տրուած է Վանի Սբ. Մարիամ եկեղեցիին, պատերազմներու ժամանակ անյայտ պատճառներով հասած է Իրան եւ մինչ օրս կը գտնուի Ուրմիոյ պատմութեան թանգարանին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին