Յուլիս 31-Օգոստոս 6, Պուլկարիոյ Պլակոյեւկրատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսողութեան (մաթեմաթիքսի) 24-րդ միջազգային ուսանողական ողիմպիականը (IMC), որուն մասնակցեցան աշխարհի 71 համալսարաններու խումբեր (331 մասնակից): Մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցին Երեւանի պետական, Հայաստանի Ամերիկեան եւ Սլաւոնական համալսարաններու խումբերը: Հայաստանի խումբերը բարձր արդիւնքներ արձանագրեցին՝ նուաճելով երկու ոսկի, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալներ:
Երեւանի պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) մասնակցեցան 4 ուսանողներ, որոնցմէ երկուքը՝ Ալպերթ Գէորգեան եւ Վազգէն Միքայէլեան, արժանացան ոսկէ, իսկ Աւետիք Արագուլեան ու Գէորգ Մնացականեան՝ արծաթէ մետալներու:
«Ասիկա աննախադէպ արդիւնք է ԵՊՀ-ի խումբին համար: Մինչ այս լաւագոյն արդիւնքը խմբային հաշուարկով եղած է 15-րդ տեղը: Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսանող Արտեոմ Քոսեանը եւ Սլաւոնական համալսարանի ուսանող Հրաչեայ Քոչարեանը արժանացան պրոնզէ մետալներու», կը յայտնէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Ուսողութեան միջազգային ողիմպիականին Հայաստանի խումբերը ղեկավարած եւ մարզած է ԵՊՀ եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Կարէն Քեռեան:
Ուսողութեան միջազգային այս մրցոյթին առաջին տեղը գրաւած է Իսրայէլի ազգային խումբը: