Թրքական Atlas Global թռիչքային ընկերութեան ուքրանացի օդաչու Ալեքսանդր Ակոբովը պատմած է վնասուած մարդատար օդանաւի վայրէջքէն ետք իր ունեցած տպաւորութիւններուն եւ իր կեանքին մէջ կատարուած փոփոխութեան մասին։ Այս մասին կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով «RT»-ի փոխանցած Ակոբովի խօսքերը:
«Սկիզբը գրեթէ ոչինչ կը զգայի, վայրէջքէն ետք քիչ մը անհանգստութիւն կար: Անշուշտ, տեղի ունեցածը տհաճ էր, սակայն որեւէ արտասովոր բան չէի զգար: Կը շարունակէի աշխատանքս իրականացնել: Վայրէջքէն եւ ուղեւորները իջեցնելէ ետք ստուգեցի օդանաւը, մատեանին մէջ գրեցի, թէ որ մասերը վնասուած են եւ անձնակազմին հետ գացինք բոլոր ընթացակարգերը անցնելու»,- պատմած է Ակոբովը:
Օդաչուին խօսքով` կատարուածէն ետք ինքը աւելի յայտնի դարձած է: Գտնուած են հին ընկերներ, որոնց մասին չէր լսած շուրջ 30 տարի:
Ըստ անոր, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար մարդիկ սկսած են հեռաձայնել իրեն եւ գրել հասարակական ցանցերով:
Յիշեցնենք, որ թրքական Atlas Global թռիչքուղիներու ընկերութեան օդանաւը, որ Սթամպուլի մէջ յայտնուած էր յորդառատ անձրեւի եւ խոշոր կարկուտի տակ, ուքրանացի օդաչու Ալեքսանդր Ակոբովի շնորհիւ հերոսական վայրէջք կատարած էր Աթաթուրքի օդակայանին մէջ:
Ինքնաթիռի վայրէջքէն ետք օդաչուին ծափահարած էր ողջ օդակայանը: Միւս օդանաւերու օդաչուները դրօշակներ բարձրացուցած էին եւ մօտեցած օդաչուին, որպէսզի սեղմեն հերոսին ձեռքը:
Օդանաւին մէջ եղած է 121 ուղեւոր եւ անձնակազմի 6 անդամ:
Հասարակական ցանցերու մէջ, օդաչուի ազգանունէն դատելով ենթադրութիւններ կ’ընէին, որ ան հայ է: