Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Էդուարդ Նալպանտեան Խօսած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպման Օրակարգին Մասին

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն ծիրէն ներս՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ, Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն: «Արմենփրես»-ի տեղեկութիւններով` Հայաստանի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան դեսպանութեան նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան ծիրէն ներս՝ լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան` այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

«Օրակարգի վրայ պիտի ըլլան այն հարցերը, որոնց մասին բազմիցս ըսած ենք. ստեղծել համապատասխան պայմաններ՝ բանակցային գործընթացը առաջ տանելու համար, այսինքն` այն, ինչ որ եղած է եւ ինչի շուրջ որ մենք կը բանակցինք: Բանակցութիւններուն միշտ ալ պէտք է տրամադրուած ըլլալ, վարել զանոնք, որովհետեւ այլընտրանք չկայ»,- ըսած է Էդուարդ Նալպանտեան` աւելցնելով, որ նախագահներու հանդիպման վերաբերեալ յստակ ոչինչ կայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին