Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Օգոստոս 10-ին, ընդունած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քէրոլայն Քօքսը եւ անոր հետ Արցախ ժամանած «Մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն։
Խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է պարոնուհի Քօքսի հայանպաստ գործունէութիւնը եւ նշած, որ Քօքսը առաջիններէն մէկն էր, որ Արցախեան ազատագրական շարժման մէջ տեսած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը եւ տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն պաշտպանած զայն:
Խօսելով Արցախի հետ բարեկամութեան եւ իրականացուող ծրագիրներուն մասին` պարոնուհին ընդգծած է, որ թէեւ Արցախ կ’այցելէ արդէն 86-րդ անգամ, այնուամենայնիւ, ամէն անգամ իւրովի կը բացայայտէ Արցախը եւ ականատես կ’ըլլայ դրական փոփոխութիւններու եւ նոր ձեռքբերումներու:
Այնուհետեւ, հիւրերուն խնդրանքով, Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուցած է նոր Սահմանադրութեան առաձնայատկութիւնները, մասնաւորապէս պետական կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ խորհրդարանական համագործակցութեան, Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ փուլին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման մասնակցած են ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: