11 Օգոստոս 2017
Հրանոյշ Յակոբեան
ՀՀ Սփիւռքի Նախարար
Երեւան – Հայաստանի Հանրապետութիւն
Վսեմափայլ Տիկ. Յակոբեան,
Սրտի խոր կսկիծով իմացանք Ձեր ազնիւ մօր՝ Թէրէզա Հեքիմի Օհանեանի մահուան գոյժը:
Հանգուցեալ Ձեր սիրելի մօր վաստակը մեծ եղած է մանկավարժութեան ասպարէզին մէջ: Սերունդներու դաստիարակութեան մէջ իր տածած անսակարկ զոհաբերութիւնը ու այդ առիթով իր ստացած պետական պարգեւները լաւագոյն վկաներն են այն վեհ գործին, որուն ան նուիրուած էր այս արեւուն տակ իր կեանքին ընթացքին: Ազգային գործին նուիրեալ հայուհիի օրինակելի կերպար մը եղած է ան, որուն անցած ուղին մենք վստահ ենք ուսանելի է եւ յիշատակը անթառամ պիտի մնայ զինք սիրողներուն եւ յաջորդող սերունդներուն համար:
Կը բաւէ, որ նորօք հանգուցեալ Ձեր ազնիւ մայրը, իր կողակիցին՝ Ձեր ողբացեալ հօր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր մանկավարժ Հրանդ Յակոբեանի հետ ծնունդ տուած ու դաստիարակած են Ձեզի նման Հայուհի մը, որ հպարտութիւնը եղած է ո՛չ միայն իր ծնողներուն, այլ ամբողջ Հայ ժողովուրդին:
Մենք լաւ գիտենք, թէ որքա՜ն դժուար է մօր մը կորուստը մեր տարիքի ո՛ր հանգրուանին ալ պատահի ան եւ թէ Դուք, որքա՜ն յուզումով յետայսու պիտի յիշէք ու արտասանէք Ձեր սիրեցեալ բանաստեղծին՝ Պարոյր Սեւակին «Մօր Ձեռքերը», սակայն վստահ եղէք, որ խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը, մեր Տիրամօր Վերափոխման Տօնին օրը հողին յանձնուող Ձեր ազնիւ մայրը մեծ գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ փակած է իր աչքերը այն գիտակցութեամբ, որ իր ետին, որպէս ժառանգ կը ձգէ իր վաստակին վայել Ձեզի նման մեծ զաւակ մը:
Այս տխուր առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ շարքային մեր ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի անձնապէս եւ հանգուցեալին միւս զաւակներուն, թոռներուն, ծոռերուն ու համայն հարազատներուն:
Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ Ձեր սիրեցեալ մօր հոգւոյն:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ