Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Ուքրանացի Օդաչու Ակոբովը Պատմած է Վնասուած Օդանաւի Վայրէջքէն Ետք Ունեցած Զգացողութիւններուն Մասին

Թրքական Atlas Global թռիչքային ընկերութեան ուքրանացի օդաչու Ալեքսանդր Ակոբովը պատմած է վնասուած մարդատար օդանաւի վայրէջքէն ետք իր ունեցած տպաւորութիւններուն եւ իր կեանքին մէջ կատարուած փոփոխութեան մասին։ Այս մասին կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով «RT»-ի փոխանցած Ակոբովի խօսքերը:

«Սկիզբը գրեթէ ոչինչ կը զգայի, վայրէջքէն ետք քիչ մը անհանգստութիւն կար: Անշուշտ, տեղի ունեցածը տհաճ էր, սակայն որեւէ արտասովոր բան չէի զգար: Կը շարունակէի աշխատանքս իրականացնել: Վայրէջքէն եւ ուղեւորները իջեցնելէ ետք ստուգեցի օդանաւը, մատեանին մէջ գրեցի, թէ որ մասերը վնասուած են եւ անձնակազմին հետ գացինք բոլոր ընթացակարգերը անցնելու»,- պատմած է Ակոբովը:

Օդաչուին խօսքով` կատարուածէն ետք ինքը աւելի յայտնի դարձած է: Գտնուած են հին ընկերներ, որոնց մասին չէր լսած շուրջ 30 տարի:

Ըստ անոր, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար մարդիկ սկսած են հեռաձայնել իրեն եւ գրել հասարակական ցանցերով:

Յիշեցնենք, որ թրքական Atlas Global թռիչքուղիներու ընկերութեան օդանաւը, որ Սթամպուլի մէջ յայտնուած էր յորդառատ անձրեւի եւ խոշոր կարկուտի տակ, ուքրանացի օդաչու Ալեքսանդր Ակոբովի շնորհիւ հերոսական վայրէջք կատարած էր Աթաթուրքի օդակայանին մէջ:

Ինքնաթիռի վայրէջքէն ետք օդաչուին ծափահարած էր ողջ օդակայանը: Միւս օդանաւերու օդաչուները դրօշակներ բարձրացուցած էին եւ մօտեցած օդաչուին, որպէսզի սեղմեն հերոսին ձեռքը:

Օդանաւին մէջ եղած է 121 ուղեւոր եւ անձնակազմի 6 անդամ:

Հասարակական ցանցերու մէջ, օդաչուի ազգանունէն դատելով ենթադրութիւններ կ’ընէին, որ ան հայ է:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին