*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Եռալեզու այս ալպոմը (հայերէն, արաբերէն, անգլերէն) իր 134 մեծղի էջերուն մէջ վաւերագիրք մըն է, ուր ընթերցողը կը գտնէ Պետուին Հայերու լուսանկարները Սուրիական անապատի տարածքին, լուսանկարուած Նուրհան Պալեանի կողմէ:
Պալեան ընտանիքը քսան տարի ապրելով Տէր Զօրի մէջ՝ 1963-էն սկսեալ, առիթը ունեցած է ոչ միայն ծանօթանալու արաբացած հայերու՝ ի մասնաւորի հայ կանանց, այլ նաեւ պատմագրած է անոնց կեանքը տիկին Փառանձեմի գրիչով ու Նուրհանի վարպետօրէն նկարած լուսանկարներով: Տիկին Փառանձեմ զարգացած հայուհի՝ իմ ուսուցչուհիս եղած է Հալէպի Պ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ:
Այս եռալեզու գործը իրապէս կը հետաքրքրէ թէ՛ հայերը, թէ՛ արաբները, թէ՛ պատմագէտները: Հրազդան Թոգմաճեան գեղանկարիչը շուրջ քառորդ դար Հալէպի մէջ ապրլով որպէս գեղանկարչութեան դասատու քաղաքիս Հ.Բ.Ը. Միութեան Հ.Ե.Ը.-ի Սարեան ակադեմիային մէջ՝ կրցաւ հարստացնել Սուրիոյ հայութեան պատմութիւնը, յաջորդաբար իրականացնելով կոթողային գործեր.- Ասեղնագործութիւն Մարաշի, Այնթապի եւ Ուրֆայի հայ կանանց ստեղծագործող մատներու գործ:
Այդ երեք ծաւալուն գործերուն յաջորդեց Այնթապցի Գալէմքեարեան ընտանիքի եւ յատկապէս Յովհաննէս Գալէմքեարեանի արծաթահունչ ստեղծագործութիւններուն նուիրուած նոյնպէս մեծղի՝ ծաւալուն գործը:
Այժմ ալ «Անապատի Տխուր Մեղեդին» ակնառու վաւերագրութիւնը՝ ուր 26 լուսանկարներ Նուրհան Պալեանի գործ, մեզի կը պատմեն թէ ցեղասպանութենէն վերապրած են անապատ ինկած հայեր:
Արդեօք անոնք վերապրա՞ծ են, թէ՞ արաբացած: Թէեւ զիրենք ընդունող արաբները բարեացակամ եղած են այս տարագիրներուն հանդէպ:
Ալպոմին առաջին էջէն կ՛իմանանք, որ այս գործը հրատարակութիւնն է Հ.Բ.Ը. Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնախումբին, որ խօսք ալ ունի հոս (արեւելահայերէնով), անշուշտ նիւթական օժանդակութեամբը Հայաստանի Հ.Բ.Ը. Միութեան հիմնադրամի:
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է գեղանկարիչ Հրազդան Թոգմաճեանը, համակարգչային իրագործումը՝ վարպետ Մարտիրոս Տօլմաճեան, անգելէնի եւ արաբերէնի թարգմանութիւնը՝ թատերագիր բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեան, սրբագրութիւնը՝ մատենագէտ Միհրան Մինասեան եւ Արմենակ Թոգմաճեան:
Անշուշտ խմբական այս աշխատանքը խմբական ճաշակով եկած է լոյսի՝ աշխարհին տխուր մեղեդի մը ներկայացնելով:
Ալպոմին յառաջաբանը ստորագրած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեանը, որ «Ցեղասպանուած վերապրողներ» խորագիրին տակ գրած է.
– «Նրանք վերապրողնե՞ր են: Ի՞նչ են վերապրում: Եթէ 10-12 տարեկանում ֆիզիկապէս վերապրածները, փրկուածները, երեսուն-քառասուն տարի անց դեռեւս անցեալի յիշողութիւններ ունէին՝ ապա նրանց զաւակները միայն անապատի յիշողութիւն եւ գիտելիք ունեն: Ակնյայտ է, որ նրանք նոյնպէս ցեղասպանուածներ են: ….Նոյնիսկ տեղահանութիւնը ցեղասպանութիւն է»:
«Անապատի Տխուր Մեղեդին» խորագիրն անգամ՝ նրբաճաշակ գեղանկարիչ Հրազդան Թոգմաճանի խօսքն է, որ կեանքի կոչելով Նուրհան Պալեանի ջանասիրութեամբ նկարուած լուսանկարները, վաւերագիր մը ստորագրած կ՛ըլլայ Օսմանեան գազանային վայրագութեան մասին:
Թոգմաճեանը կը վկայէ.
-«Կասկածից վեր է սակայն, որ հայերի մարդկային կորուստները միայն զոհերով չեն սահմանափակւում: (Ալպոմը պատրաստողը որդեգրած է Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը) Մեր ժողովրդի զգալի մասը փրկուեց կոտորածներից, սակայն թրքացաւ, քրդացաւ, արաբացաւ: Այլ խօսքով տասնեակ հազարաւոր հայեր կորցրեցին իրենց ազգային յատկանիշները՝ լեզուն, հաւատը, սովորութիւնները եւ պատմական յիշողութիւնը… Երբ ինքնութիւնից հրաժարումը հայ մարդու համար եղել է փրկութեան միջոց»:
Այս երեւոյթը ցեղասպանութեան շարունակուիլը չէ՞, նոյնիսկ այսօրուան սփիւռքը, որ արդէն հալչիլ սկսած է, շարունակուող ցեղասպանութիւնը չէ՞…
Ալպոմը պատրաստողին կողմէ այլ կարեւոր վկայութիւն.
-«Իրադարձութիւնները սակայն ծաւալուեցին այլ կերպ: Արաբները ընդհակառակը՝ համակրանքով վերաբերուեցին հայերին. նրանց օգնեցին եւ ապաստան տուեցին: Այս հարցում մեծ դեր է ունեցել աւանդապաշտ եւ որոշակի առաքինութիւններ դաւանող արաբ ժողովրդի անաղարտ նկարագիրը: Հարկ է նշել, այդ ինքնաբուխ վերաբերմունքը լրացուել է արաբական աշխարհում մեծագոյն հեղինակութիւն վայելող Հիճազի թագաւոր Հիւսէյն Իպն Ալիի եւ նրա որդի Ֆէյսալի հայանպաստ կեցուածքով»:
Աւելցնելով որ,
-«Զինադադարից անմիջապէս յետոյ՝ մեծ ծաւալի աշխատանք է տարուել հայկական բեկորները փրկելու, հաւաքելու եւ ժողովրդի գիրկը վերադարձնելու ուղղութեամբ»:
Այս կապակցութեամբ շատ են օրինակները կատարուած վերապրողներու կողմէ: Հայոց միացած են նաեւ օտարականներ՝ Քարէն Եփփէի, Միս Պիւլի եւ Փափա Քիւնցլէրի հենքէն մարդիկ, որոնց ծառայութիւնները հայութեան նկատմամբ՝ անմոռանալի կը մնան Ռուբէն Հերեանի կողքին:
Անձնական կեանքիս մէջ եւս հանդիպած եմ արաբ բժիշկներու, որոնք ինծի ըսած են.
-«Նահնէ մըն թարպիէթ էլ էրմէն», այսինքն մենք հայ դաստիարակութեան պտուղն ենք;
-«Ինչպէ՞ս բժիշկ ճան»:
-«Մայրս հայ է, հայուհիի դաստիարակութեամբ մեծցած եմ՛՛:
Տակաւին մեզի օգնած են նաեւ արաբական Շամմար եւ Բակկարա ցեղապետերու առաջնորդները, ինքնայօժար մեզի վերադարձնելով իրենց մօտ գտնուող մեր զաւակները:
Տամ օրինակ մը եւս. հօրուս պարտիզպան էր Անէզէ արաբ ցեղապետի մէկ գիւղին մէջ: Ան օր մը տոպրակ մը ցորեն տուաւ ինծի՝ որ աղալ տամ մօտակայ ջաղացքին մէջ: Ջաղացպանը եւ անոր կինը ըսին.
-«Նահնու արմէն», մենք հայ ենք:
-«Ինչպէ՞ս»:
Երկուքն ալ խաչակնքեցին՝ իրենց հայ ըլլալը հաստատող միակ փաստն էր այդ:
-«Ինչպէ՞ս իմացաք ձեր հայ ըլլալը»:
-«Մեր ցեղապետը՝ Մջհէմ, մեզի ըսաւ, դուք երկուքդ ալ հայ էք, պէտք է ամուսնանաք: Մջհեմ որ ունէր երեսունհինգ գիւղ՝ նոյն ձեւով վարուած է իր մօտ ապաստանած հայերու հետ:
Երբ կը դիտենք Նուրհան Պալեանի նկարած լուսանկարներու շարքը՝ Սրինգ Նուագողը, Ուղտ Արածողը, Անապատի մէջ ոչ միայն վրանաբնակ՝ այլ տուն կառուցած հայերու գործը, Վրանաբնակները որոնք յաճախ կը թափառէին, Վրանաբնակ հայ պետուիններ, Վերապրած հայ կին մը, Մայրեր իրենց թոռներուն հետ, Տիկով կաթը հարող հայ կինը իր զաւկին հետ, Լաւաշ հաց պատրաստող հայ մայրեր, Վերապրող հայու զաւակներ, նաեւ նկար մը՝ ուր կ՛երեւին Նուրհան Պալեանն ու Նորայր Պասմաճեանը վրանաբնակ վերապրող հայերու հետ, Վրանաբնակ հայ երեխաներ, Բոլորն ալ որբացած, Էրանող հայ մը, Դուդուկ նուագող համ մը, Պետուին հայ կիներ, Հայու կառուցած աղիւսաշէն տուներ Տէր Զօրի մօտ, Իշաբարձ հայեր՝ չէք իմանար ո՞ւր կ՛երթան, Կթուոր մը, Հնձուորներ, Արաբացած վերապրողներու խումբեր, Անապատի մէջ ջրհորի մօտ հաւաքուած հայեր, Ձիակառքով մը եւ ձիաւոր մը անապատի անհունութեան մէջ:
Ջրհան կայան մըն ալ կը տեսնես Եփրատի ափին՝ ու յանկարծ կ՛ալեկոծուի սիտդ, կը զգաս անհուն ծարաւ, հայ կեանքի ծարաւ, քանի որ փաստաթուղթ լուսանկարները կը յայտնեն՝ թէ տեսածներդ ողջ մնացած արաբացած հայեր են, կողոպտուած իրենց հայկականութենէն:
Զորն ըսեմ, զորն խոստովանիմ, պիտի ըսէր Գոհար տատիկս, որ նոյնպէս վերապրող մըն էր՝ բայց հայուհի մնացած Գոհարիկ մը:
Տէր Զօ՜ր, հայութեան մեծագոյն գերեզմանոցը, ուր մեր վերապրող զաւակները եւս ենթարկուեցան ցեղասպանութեան՝ երբ ոչ կամովին, պարագաներու բերումով դադրեցան հայ ըլլալէ:
Իր այս աշխատանքով գեղանկարիչ Հրազդան Թոգմաճեանը հայանպաստ նոր վաւերագիր մը կը յաւելու իր նախորդ գործերուն վրայ, եւ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը շարունակած կ՛ըլլայ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը, այս անգամ Անապատի Մեղեդիով…:
Երեւան