Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ Առաքելութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Սահմանագիծին Վրայ Դիտարկում Իրականացուցած է Ասկերանի Ուղղութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, Օգոստոս 9-ին, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Ասկերանի շրջանի ուղղութեամբ` Ակնա-Հինդարխ ճանապարհահատուածին: 

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեդրիգան (Մոլտովա) եւ Օկնեն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարթին Շուսթրը (Գերմանիա):

Սահմանագիծին հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպշիկը եւ անոր դաշտային օգնական Միխաիլ Օլարուն (Մոլտովա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին:

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին