*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Հաւատարմութիւնը անտարակոյս առաջին պայմանն է գործակցութեան, ուստի՝ փնտռուած առաքինութիւն՝ ամէնուր, մանաւանդ խմբակցութիւններու, որոնց մէն մի անդամը պէտք է հաւատաարիմ ըլլայ ու մնայ հաւատոյ հանգանակի մը ու առ այդ մղուի նպատակին: Ան կը սկսի անձէն, յանձնառութեան կապուածութենէն, որ իրն իսկ է. Միաձուլուած է անոր: Սակայն երկուութիւնը մարդակազմութեան մէկ յատկանիշն է, կը ներգործէ տուեալ պարագաներու եւ պայմաններու բերումով տատանումներու կ՛առաջնորդէ, ինչ որ թուլութեան արդիւնք է, տկարութեան, պահուայ մը համար հանդուրժելի, կը դառնայ խոցելի եթէ առանցքը կորսուի. Քիչ մը թեքիլ, ապա՝ ամուր կանգնիլ, հաստատ հաւատամքին, այս ալ մարդկային է ըսելէ աւելի՝ կարելի է ըսել գերմարդկային, քանի որ փորձութեան յաղթահարելով վերադարձած է ինքն իրեն, իր հաւատամքին, ու կը շարունակէ երթը:
Երբեմն խնդիրներ առաջնահերթ կ՛ըլլան երբեմն՝ յետաձգելի
Երբեմն շնչառութիւնը ծանր, երբեմն դիւրաւ
Երբեմն զօրաւոր կը զգաս, եւ երբեմն՝ տկար
Երբեմն կը բարձրանաս, երբեմն կը ցածնաս: (Լաօ Ցէ)
Սակայն կաս, ու կ՛ընթանաս ճամբադ եւ եթէ «երբեմն»ները չեն ըլլար նոր ուղի, այլ՝ աւելի կը խթանեն հաւատքդ հանդէպ անձիդ եւ հաւաքականութեանդ, ի՜նչ օրհնութիւն մարդկայնական, երբ յաղթական կը զգաս փորձութիւններու դիմաց: Քաջութիւն կ՛ուզէ ինչպէս կեանքի շա՜տ երեւոյթեր:
Իլեա Էրենպուրկ, իր «ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ» քերթուածը կ՛աւարտէ այսպէս.-
Թէ դիմանում ես մի՛ գանգատիր,
Թէ հարցնում են, ուղի՛ղ ասա,
Թէ կրակում են, ուղի՛ղ կանգնիր՝
Հաւատարմութեան պատգամն է սա:
Այս՝ մօտիկ անցեալի գաղափարական բանաստեղծի մէկ դիրքորոշումն է ի հարկէ:
Եւ սակայն, դարերը ինչե՜ր կ՛ըսեն…
Արեւելեան ասոյթ մը կայ.- «միշտ ալ սեւ այծ մը կը գտնուի հօտին մէջ»:
Յիսուս Յուդայով մատնուեցաւ…Ինտիրա Կանտին սպանուեցաւ իր պատիկարտներու կողմէ…Պեն Պելլա եւ Պումէտիէն գաղափարակից եւ զինակից առաջնորդներ Ալճերիան ազատագրելու ճամբու վրայ, յաղթանակէն ետք…Պէն Պելլա բանտարկուեցաւ իր իսկ գործակիցին կողմէ…(առանձնատան մը մէջ): Շարքը երկար է…
Եւ սակայն կեանքը կը քալէ…Պօղոս Առաքեալ ալ պահ մը տատամսեցաւ բայց ապա փառք տուաւ Աստուծոյ Յիսուսի համար որ զինք կը զօրացնէ. Այսինքն՝ Յիսուսի գրաւչութիւնը, մագնիսականութիւնը որով «ամէն բանի կարող եմ Անով՝ որ զիս զօրացուց» կը յայտնէ:
Արդարեւ ՀԱՒԱՏԱԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ առաքինութիւններու գերագոյնն է այս դարուս: Ընտանեկան, ծնողք-զաւակ: Միութենական՝ անդամներու միջեւ: Կուսակցական՝առաջնորդի եւ անդամներու: Պետութեան՝Սահմանադրութեան եւ ժողովուրդի միջեւ…յանուն երկրի կայունութեան եւ յառաջդիմութեան:
«Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ՛ըսէին: Ուրեմն ի՞նչ ընենք. տուաւ ու ըսաւ անոնց.-ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ, եւ ով որ կերակուր ունի նոյնպէս թող ընէ: Մաքսաւորներն ալ եկան մկրտուելու եւ ըսին անոր, Վարդապետ, մենք ի՞նչ ընենք: Ան ալ ըսաւ անոնց ձեզի հրամայուածէն աւելի բան չպահանջէք: Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ՛ըսէին, եւ մենք ի՞նչ ընենք. Ըսաւ անոնց. Մէ՛կը մի հարստահարէք, եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի ընէք, եւ ձեր թոշակովը բաւականացէք:» Ղուկաս Գ. 10-15