Գիրքով մը ներկայացուած է Վրաստանի` Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Հայաստանի` Շիրակի շրջաններու յուշարձաններու հաւաքածոն: Զբօսաշրջիկներուն համար ուղեցոյցը կազմուած է երեք լեզուներով` անգլերէն, հայերէն եւ վրացերէն: Անիկա կ’օգնէ զբօսաշրջիկներուն ուղեւորութիւն ծրագրաւորելու դէպի հարեւան երկրի սահմանամերձ շրջաններ: Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.net»-ը։
Գիրքը երկկողմանի է, մէկ մասը յատկացուած է Սամցխէ-Ջաւախքի բոլոր պատմական յուշարձաններուն, եկեղեցիներուն եւ վանքերուն, թատրոններուն, թանգարաններուն, ժողովրդական տօներուն, զբօսաշրջական տնտեսութիւններուն, տեղի խոհանոցին, դրամատուներուն, հիւրանոցներուն, շրջանի արգելանոցներուն, հանգստատեղիներուն եւ այլ կարեւոր վայրերու ցուցակներուն:
Գիրքի յաջորդ մասին մէջ տպուած է նոյն տեղեկութիւնը Շիրակի շրջանին մասին: Իսկ յստակ, Մարալիկ եւ Կիւմրի քաղաքներու եւ շրջանի գիւղերու պատմական յուշարձաններու եւ վերը թուարկած ցուցակը:
Զբօսաշրջային ուղեցոյցը լոյս տեսած է «Երիտասարդ ճանապարհորդները» ծրագիրին ծիրէն ներս, որ նիւթական աջակցութիւն ստացած է Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանային համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կ’իրականացուի գործընկեր հասարակական կազմակերպութիւններու` «Համայնքային զարգացման եւ հասարակական աջակցութեան կեդրոն»-ի (Հայաստան) եւ «Քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու ընկերակցութիւն» (Վրաստան) կողմէ: