Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Հաուըրտ Գազանճեանի Ֆիլմերը 10 «Օսքար» Մրցանակ Շահած են

Իբրեւ Հոլիվուտի արդիւնաբեր շարժապատկերներու եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու արտադրող, Հաուըրտ Գազանճեան դերակատարութիւն ունեցած է յատկանշական յաջողութիւններ արձանագրած ֆիլմերու պատրաստութեան մէջ։ Այդ ֆիլմերուն շարքին են՝ «Raiders of the Lost Ark» (1981), «Return of the Jedi» (1983) եւ «The Empire Strikes Back»։ Այս վերջին երկուքը մաս կը կազմեն «Star Wars» ֆիլմերու շարքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Slaq.am-ը։

Հաուըրտ աւարտած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի շարժապատկերի բաժանմունքը, որմէ ետք աւելի քան 40 տարիներ աշխատած է շարժապատկերի աշխարհէն ներս՝ շփուելով Ալֆրետ Հիչքոքի, Պիլի Ուայլտըրի, Էլիա Գազանի, Քլինթ Իսթուուտի, Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփոլայի եւ Սթիվըն Սփիլպըրկի հետ։

Գազանճեանի արտադրած ֆիլմերը արժանացած են 10 «Օսքար» մրցանակներու։ Ան նաեւ շահած է «Էմի» մրցանակ մը՝ վաւերագրական ֆիլմի մը համար, եւ «Փի.Պի.Էս.»ի համար արտադրած է երեխաներու յատուկ դաստիարակչական յայտագիրներ։

Ան նաեւ հեղինակած է շարք մը հատորներ եւ եղած է Քալիֆորնիոյ շարժապատկերի յանձնաժողովին եւ շարժապատկերի աշխարհի շարք մը մարմիններու անդամ։

Հակառակ անոր որ իր ընտանիքի անցեալին մասին արտայայտուիլ չի սիրեր, յայտնի է, որ Գազանճեանի մօրենական մեծ հայրը՝ Ալպերթ Խազոյեան, թրքական բանակին կողմէ ձերբակալուած ու բանտարկուած է, իր ֆետայական գործունէութեան համար։ Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը միշտ յիշելու ջատագով է, միաժամանակ կոչ ընելով՝ անկէ անդին անցնելու։

Ներկայիս, ան Ալթատինա կ՛ապրի իր կնոջ եւ երեք զաւակներուն հետ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին