Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Իրանը ԼՂ Խնդիրը Երկխօսութեան ու Բանակցութիւններու Ճանապարհով Կարգաւորելու Կոչ Կ՝ընէ. Իրանի ԱԳՆ

Իրանը կոչ կ՝ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն՝ երթալու  երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ճանապարհով:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ նման յայտարարութեամբ, Թեհրանի մէջ, լրագրողներու հետ ամենշաբաթեայ հանդիպման ընթացքին, հանդէս եկած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Պահրամ Քասէմին:

«Մենք մեր հիւսիսը ունինք երկու հարեւան. Ատրպէյճանը, որ իրապէս կարեւոր է մեզի համար, որուն հետ ունեցած ենք լաւ յարաբերութիւններ: Հայաստանի հետ ալ մենք ունինք բարեկամական եւ սերտ բարիդրացիական յարաբերութիւններ: Հակամարտութիւնը, անոնց տեսակէտներու տարբերութիւնները Ղարաբաղեան հարցին շուրջ արդէն գոյութիւն ունի երկար ժամանակ, եւ ժամանակ առ ժամանակ լարուածութիւնը կ՝աճի: Մենք յոյսով ենք, որ անոնք կրնան յաղթահարել այն խնդիրները, որոնց կ՝առերեսուին այդ տարածաշրջանին մէջ»,- նշած է Պահրամ Քասէմին:

Իրանի ԱԳՆ խօսնակը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կրնան օժանդակել տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման: Անոր խօսքով` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կրնան ազդեցութիւն ունենալ աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ:

«Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածաշրջանին մէջ զարգացումներուն, յատկապէս մեր սահմանային հատուածներուն վրայ: Մենք կը հետեւինք մեր սահմաններուն եւ թոյլ չենք տար, որ հակամարտութիւնը վնասէ սահմանային տարածքներու մեր բնակչութեան»,- ընդգծած է ան:

Քասէմի նաեւ նշած է, որ այս խնդիրին մէջ մշտապէս եղած է նաեւ այլ ուժերու միջամտութեան հետ կապուած մտահոգութիւնը:

«Երկու երկիրներուն հետ ալ մենք շարունակաբար բանակցած ենք, տեսակէտներ փոխանակած ենք, եւ յոյսով ենք, որ ի վերջոյ դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը պիտի գերակայեն այլ մօտեցումներու եւ մեթոտներու նկատմամբ»,- ամփոփած է Իրանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին