Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Արցախը Այսօր – Մատչելի Բնակարաններ՝ Զինուորականներու Համար

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի մէջ իրենց բնակարանային խնդիրները լուծելու համար սպաներն ու մարտական հերթապահութիւն իրականացնող պայմանգրային զինծառայողները հնարաւորութիւն ունին անտոկոս վարկ ստանալու ֆինանսավարկային կազմակերպութիւններէն: Ատիկա հնարաւոր դարձած է կառավարութեան նախաձեռնութեամբ: Արցախի հասարակական ծրագիրներու հիմնադրամը՝ այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս՝ արդէն կը համագործակցի քանի մը կազմակերպութեան հետ: Ծրագիրին կրնան ներառուիլ բոլոր սպաները: Պայմանգրային զինծառայողներու պարագային՝ որոշ սահմանափակումներ կան: «Պայմանագրային զինծառայողներու պարագային՝ սահմանուած է միայն մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձերուն համար»,- կը մանրամասնէ Արցախի հասարակական ծրագիրներու հիմնադրամի տնօրէն Մարատ Հասրաթեանը:

Առայժմ, այս ծրագիրէն կրնան օգտուիլ միայն անոնք, որոնք արձանագրուած են քաղաքային համայնքներու մէջ: Ատիկա, սակայն, միակ պայմանը չէ: «Այս ծրագիրին ներառուելու համար՝ սպան կամ պայմանագրային զինծառայողը պէտք է սեփականութեան իրաւունքով բնակարան չունենայ: Պէտք է ունենայ բաւարար եկամուտ՝ վարկը մարելու եւ ընտանիքի նուազագոյն ծախսերը ապահովելու համար»,- կը թուարկէ Արցախի հասարակական ծրագիրներու հիմնադրամի տնօրէնը: Նուազագոյն ծախսը մէկ շունչի համար 50 հազար դրամ կը հաշւուի: Կան նաեւ սահմանափակումներ՝ գնուող բնակարանի մակերեսի եւ գինի մասով: Կանխավճարի հարցով դրամատունն ու դիմողը անհատապէս համաձայնութեան կու գան: Կառավարութիւնը կը վճարէ վարկի տոկոսները ամբողջութեամբ՝ շահառուին ձգելով մայր գումարի մարումը: Այս պայմաններուն համապատասխանող քաղաքացիները կրնան նաեւ իրենց գործող վարկերը հասարակական հիմնադրամ տեղափոխել եւ ազատուիլ տոկոսներ վճարելու բեռէն:

Ծրագիրը սկսած է մօտ մէկ ամիս առաջ: Արցախի հասարակական ծրագիրներու հիմնադրամին մէջ  արդէն կայացուած է տասէն աւելի դրական որոշում: Գրեթէ նոյնքան վարկեր ալ հասարակական ծրագիրներու հիմնադրամ տեղափոխուած են Արցախի ներդրումային հիմնադրամէն:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին