Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Պոլսահայ Միութեան Մէջ «Աշուն»-ի Ցուցադրութեան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութիւն Արձանագրեց

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակերպած «Աշուն» ժապաւէնի ցուցադրութեան, Ուրբաթ, Յուլիս 28ին, միութեան «Գուրեան» տանիքը: Մօտաւորապէս 65 անձեր վայելեցին սոյն տեսաժապաւէնը:

Ձեռնարկը սկսաւ մշակութային յանձնախումբի անդամուհի Ժանին Սապունճուի բարի գալուստի խօսքերով, որմէ ետք ան բացատրութիւն տուաւ ժապաւէնին մասին:

Համշէնահայ Էօզճան Ալփերը «Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմի փառատօնին ներկայացած է իր «Աշուն» ֆիլմով: Ժապաւէնը կը պատմէ երիտասարդի մը մասին, որ իր ուսանողական տարիներէն սկսած է պայքարելու ընկերվարական գաղափարախօսութեան համար: Գլխաւոր հերոսը՝ Եուսուֆը, որ ձերբակալուած է իր քաղաքական գործունէութեան համար, 10 տարի ետք դուրս գալով բանտէն՝ կը վերադառնայ իր հարազատ գիւղը՝ Համշէն: Այստեղ անոր կը սպասէր իր միայնակ մայրը:

Ֆիլմի գեղեցիկ բնապատկերները կը հակադրուին հերոսի ներքին հոգեկան վիճակին: 10 տարի բանտին մէջ անցուցած Եուսուֆը բազում հացադուլներու իբրեւ հետեւանք ախտահարած է թոքերը: Բժիշկը կ՛ըսէ. «Թոքերուդ խերն անիծա՛ծ ես: Ես քեզ դեռ հացադուլիդ ժամանակէն կը զգուշացնէի»:

Եուսուֆը իր հիւանդութեան մասին կը լռէ: Հոփայի ափին ան կը գտնէ նոյն իր հոգեվիճակին մէջ գտնուող այլ էակ մը՝ վրացուհի մարմնավաճառ Էկան: Այս կործանուող հոգիները կարծես իրարու կը քաշուին: Անոնք փողոցներուն մէջ անընդհատ պատահականօրէն իրարու կը հանդիպին: Սակայն, նոյնիսկ այս սէրը կամ ձգողականութիւնը իրարու նկատմամբ, անոնցմէ ո՛չ մէկուն մօտ երջանկութեան զգացում կը յառաջացնէ: Ամբողջ ֆիլմին ընթացքին, անոնցմէ ոչ մէկը կը ժպտի: Կարծես անոնք չափէն աւելի բեկանուած են կեանքին մէջ, եւ այլեւս ոչինչ կրնար երջանկացնել զանոնք: Էկան ունի 4ամեայ աղջիկ մը, զոր Վրաստան ձգած է, իսկ ինք, գալով Թուրքիա՝ ուզած է աշխատիլ…

Ժապաւէնին մէջ երկխօսութիւնները շատ քիչ են: Եուսուֆը յաճախ կը լռէ, չի պատասխաներ՝ ո՛չ Էկայի, ո՛չ ալ մօր հարցումներուն: Ինչպէս Էկան կը նկատէ. «Դուն կարծես ներկայ չես, կարծես անցեալէն եկած ես ու այստեղ չես ապրիր»:

Կախարդիչ Արտուինի անտառածածկ լեռները, լեռներուն վրայ ծուարած ամպերը եւ Հայկական լեռնաշխարհին բնորոշ փոքրիկ, կարկաչուն գետակը հիանալի գեղագիտական պատկերներ կը ստեղծեն, եւ ժապաւէնին մէջ կարծես կը ստեղծուի հակադրութիւն մը՝ կատարեալ բնութեան եւ մարդկային անկատար կեանքին, տառապանքին ու դժբախտութեան միջեւ:

Ի վերջոյ, բեմադրիչը կը փրկէ հերոսներէն մէկը: Էկան կը ձգէ մարմնավաճառի կեանքը եւ կը վերադառնայ Վրաստան: Անոր համար մահուան չափ դժուար էր բաժնուիլը Եուսուֆէն, բայց կը բաժնուի անխօս, առանց կանացի զգացում ցոյց տալու: Ամբողջ ժապաւէնին ընթացքին Էկայի եւ Եուսուֆի միջեւ սիրային խօսակցութիւն չի կայանար, անոնց սէրը՝ անոնց բախտին պէս լուռ է: Եուսուֆը կը շտապէ անձագիր հանել եւ մեկնիլ Վրաստան՝ միանալու Էկային: Սակայն հիւանդութեան պատճառով վրայ հասած մահը աւելի՛ շուտ զայն կը տանի դէպի հող:

Ժապաւէնը կ՛աւարտի ողբերգական երգով մը եւ Եուսուֆի թաղման տեսարանով: Ժապաւէնի վերջին տեսարանին ուղեկցող երգը Համշէնի մէջ երգուող ողբերգ մըն է, սակայն Էօզճանի խօսքերով՝ ժապաւէնին մէջ բառերը փոխուած են եւ յարմարեցուած ֆիլմի տեսարանին:

Իրականութեան մէջ, Եուսուֆի կերպարը փոքր-ինչ նման է ֆիլմի բեմադրիչ Էօզճան Ալփերին: 2001ին, Էօզճանը Թուրքիոյ մէջ դատապարտուեցաւ մէկ տարուան ազատազրկման՝ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 8 յօդուածով, որ ներկայիս 301 յօդուածն է: Սակայն, ան բանտ չմնաց եւ ազատ արձակուեցաւ այն պայմանով, որ այլեւս չկրկնէ նման արարքներ:

Ֆիլմի հանդիսատեսները վայելեցին նաեւ երշիկի խորոված եւ այլ ուտեստեղէն ու խմիչքներ։

Ձեռնարկի աւարտին, մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի օգնող անդամներուն եւ համակիրներուն՝ Պերճ Կայտային, Եղիա Քէօսէին, Պետրոս Օհաննէսին, Ժանին Սապունճուին եւ Մարիէթ Օհաննէսին:

Լիայոյս ենք տեսնելու ձեզ՝ մեր յաջորդ ֆիլմի ձեռնարկին: Իսկապէ՛ս յաջող գիշեր մըն էր, զոր առանց միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն պիտի չկարենայինք իրագործել:

ԷՕԶՃԱՆ ԱԼՓԵՐ

Էօզճան Ալփեր ծնած է 1975-ին, Արտուին (Համշէն, Թուրքիա): Պոլսոյ համալսարանին մէջ հետեւած է գիտութեան եւ պատմութեան դասընթացքներու: 1997-էն ի վեր, տարբեր ժապաւէններու մէջ աշխատած է իբրեւ բեմադրիչի օգնական եւ արտադրութեան տնօրէն: Պատ-րաստած է «Մոմի» կարճ խաղարկային ֆիլմը եւ երկու վաւերագրական ժապաւէններ:

«Աշուն»ը (2008) Ալփերի առաջին երկար աշխատանքն է: Անիկա ընդամէնը չորս ամսուան ընթացքին զգալի յաջողութիւններ արձանագրած է՝ ցուցադրուելով Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցելով շարք մը փառատօներու:

«Աշուն»ը Թուրքիոյ մէջ անարդար բանտարկութիւններու, մարդկային հոգու տառապանքի, մենութեան եւ սիրոյ մասին է: «Մոմի» ֆիլմին բեմադրիչը այս անգամ Համշէնի տեսարաններէն տեղափոխուած է Հոփայի ծովափ՝ մինչեւ Արտուինի անտառածածկ ու կախարդիչ լեռներու հայաբնակ լանջերը: Սակայն, կախարդիչ բնութեան աշնանային պատկերին Ալփեր կը հակադրէ կեանքը՝ մատնանշելով «միւս աշունը», որ առկայ է մարդկանց սիրտերուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին