Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հրապարակի Երգող Շատրուաններու Նոր Երաժշտացանկին Շնորհանդէսը

Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2017» եռամսեայ ձեռնարկներու ծրագիրին ծիրէն ներս՝ մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած երգող շատրուաններու նոր երաժշտացանկի շնորհահանդէսը, որ սկիզբ առած է գեղեցիկ ֆլեշ-մոպով. ազգային եւ ժողովրդական երաժշտութեան եւ շատրուաններու ռիթմիկ ջրացայտերու ներքոյ՝ երիտասարդները ներկայացուցած են գեղեցիկ պարային կատարումներ: Այս մասին կը յայտնեն երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Շնորհանդէսին ներկայ եղած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը, որ նշած է, թէ գունաձայնային շատրուաններու նոր երաժշտացանկը կազմուած է երաժշտական տարբեր ուղղութիւններ ներկայացնող երգերէ ու երաժշտութիւններէ, որպէսզի հնարաւորինս բաւարարէ բոլոր երաժշտասէրներու երաժշտական նախապատուութիւններն ու ճաշակը: Ցանկին մէջ ներառուած են ինչպէս հայկական, այնպէս ալ արտասահմանեան բազմաժանր ստեղծագործութիւններ` դասականէն մինչեւ ժամանակակից:

Նոր երաժշտացանկը հաճելի անակնկալ էր ոչ միայն մայրաքաղաքի բնակիչներուն, այլ նաեւ հիւրերուն համար, քանի որ Հանրապետութեան հրապարակը, իր գունաձայնային շատրուաններով, կը հանդիսանայ ե՛ւ երեւանցիներու, ե՛ւ զբօսաշրիկներու հանգիստի ու ժամանցի ամենասիրելի զբօսավայրերէն մէկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին