*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Եթէ Ապրիլ 24-ը կը խորհրդանշէ Ցեղասպանութիւնը մեզի համար, ապա Օգոստոս 6-ն ալ համաշխարհային դէպք մը կը յուշէ եւ պատերազմական այն զէնքը որ գործածուեցաւ Մ.Նահանգներու նախագահ Թրումանի օրով, 1945-ին, աւերակի վերածելով Հիրոշիմա ճարտարարուեստական հսկայ քաղաքը, պատճառելով 70 հազար զոհ, որուն հետեւեցան տասնեակ հազարաւորներ…եւ տակաւին Ճափոն չյանձնուեցաւ…ուրեմն՝ չուշացաւ երկրորդը, երեք օր ետք՝ այս անգամ թիրախ ունենալով Նակազաքին, պատճառելով 40 հազար զոհ եւ 20 հազար ալ աւելի աւելի ուշ…: Որոնց պատճառաւ Ճափոն յանձնուեցաւ. Հիրոհիթօ պարտուած էր: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը այսպիսով իր լրումին կը հասնէր:
Պայքար, որմէ պատերազմներ առանցքը կը կազմեն կեանքին: Այս անխուսափելիին դէմ, որ բնութեան մէկ յատկանիշն է, (կրնանք նոյնիսկ պարտադրանքը համարել) իր կրակոտ լեզուով ու արիւնաբաղձ հոգիով աւերներ կը գործէ եւ զինք կասեցնող ուժ գոյութիւն չունի: Մարդկութեան ամօթն է այս, ինչպէս նաեւ սովամահութիւնը, որոնք պէտք է յաղթահարուին:
Խաղաղութեան շրջանները կարծես պատերազմի եւ գերակայութիւն հաստատելու ժամանակաշրջան է:
Կրօններ, փիլիսոփաներ, բանաստեղծներ, որոնք մարդկայնական սիրով լեցուած են, անասուն-մարդէ մարդ-ասունի վերածուելէն ետք, կը քարոզեն, կը վերլուծեն, կը քերթեն, կը գրեն, բայց ի զուր…
Արուեստագիտական դար է եւ ինչ ինչ գիւտերով կեանքեր կը փրկուին հիւանդանոցներու մէջ եւ ինչ ինչ ձեւերով ռազմի կը պատրաստուին թաքուն անկիւններու մէջ: Ինչ բարձրունքներու հասած ենք օրինական գետնի վրայ. ուղղակի նախանձելի…«մարդկային իրաւունք» ՄԱԿ, Դեմոկրատիա, եւ այլն, եւ այլլն…Ինչպէս նաեւ «պատժամիջոցներ»…(շիտակը այս բառը զիս կը յիշեցնէ Մանկապարտէզի օրերս):
«ՌՈՒՍ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՇԻԿԱՑՈՒՄՆԵՐ»…Սպառնալիքներ, պատժուելիք երկիրներու ցուցակներ… եւ շարքը երկար է..
ԵՐԿՓԵՂԿՈՒԱԾ ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾ
ԵՐԿՓԵՂԿՈՒԱԾ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴ:
Չենք թողուր որ մարդը ապրի
Զայն կը սպաննենք, եւ մեռնելիք եղող մարդուն
Կու տանք արիւն… եկ, սահմանէ ով եմ ես, դուն…