Արցախեան Տիգրանակերտի մէջ, պեղումներու ժամանակ, հիւսիսային պատին մօտ յայտնաբերուած է կարասային թաղում:
Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, ըսած է Տիգրանակերտի հնագիտական գիտարշաւի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեան: Պեղումները իրականացուցած է Ստեփանակերտի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի վարիչ Վարդգէս Սաֆարեանը:
Համլէթ Պետրոսեանի խօսքով՝ կարասը բացուած է եւ դատելով անոր մէջ յայտնաբերուած նիւթերէն, թաղումը կը վերաբերի մեր թուարկութեան 2-3 դարերուն, այսինքն Տիգրանակերտի ամրոցէն 300 տարիով «երիտասարդ» է: Հանգուցեալի աճիւնին հետ միասին՝ կարասին մէջ դրուած էին նետի ծայր, ուլունքներ, խոյակերպ փոքր սափորներ, ոսկէ զարդեր:
Մասնագէտը պարզաբանած է, որ ատիկա այդ ժամանակաշրջանին բնորոշ թաղման ձեւ է: Հետաքրքրական է, որ մինչեւ Քուռ գետ հասնող տարածքին, նման թաղումները բաւական տարածուած եղած են (յայտնի են կարասային թաղումներ Գառնիի, Արտաշատի եւ այլ վայրերու մէջ) ու նման թաղումներ իրականացուած են ընդհուպ մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունում: Գետէն հիւսիս նման թաղումները ծայր աստիճան հազուադէպ են, ու ժամանակին ներկայացուած է հիփոթեզ այն մասին, որ կարասային թաղումներու տարածման արէալը կը համապատասխանէ հայերու տարածման արէալին: «Բայց այս թեմայով մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ չեն եղած, ատոր համար ալ Տիգրանակերտի մէջ այդ գտածոները շատ կարեւոր են»,- ըսած է ան` յիշեցնելով, որ նախապէս Տիգրանակերտի մէջ արդէն յայտնաբերուած են կարասային թաղումներ, որոնք տարեգրուած էին մեր թուարկութենէն առաջ՝ 1-ին դարով:
Առհասարակ, Համլէթ Պետրոսեանի խօսքով, Արցախի Մարտակերտի շրջանը շատ հարուստ է հնագիտական գտածոներով: Երեք տարի առաջ այստեղ, ջրատար անցնելու ժամանակ, յայտնաբերած էին շքեղ թաղումներ: Այսօր այդ նիւթը կը գտնուի Տիգրանակերտի թանգարանին մէջ, անիկա կը հետազօտուի ու այդ թեմայով հրապարակում կը պատրաստուի: