60-ականներուն Խորհրդային կառավարութիւնը Ստեփանակերտ քաղաքի մէջ ուռուցքաբանական հիւանդանոց հիմնելու որոշում կայացուց: Հիւանդանոցի շէնքը ի սկզբանէ հիւանդանոցային պայմաններ չէ ունեցած, յարմարցուած է: Մօտ 900 քաղաքացիի սպասարկող հիւանդանոցը, այսօր, աւելի քան անմխիթար վիճակի մէջ է, բայց դեռ կը շարունակէ շահագործուիլ:
2017 Ապրիլ 2-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆրանսահայ բարերար եւ հովանաւոր Ռիշար Օհաննէսեանի ներկայութեամբ՝ հանդիսութեամբ բացուեցաւ Ստեփանակերտի նոր` ժամանակակից պայմաններուն համապատասխան ուռուցքաբանական կեդրոնը:
2017 Յուլիսին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արժանթինահայ բարերարները այցելեցին Ստեփանակերտի դեռ չգործող ուռոցքաբանական կեդրոնը: Ուռուցքաբանական կեդրոնի գլխաւոր բժիշկ Արմէն Հայրիյեանը նշեց, որ կեդրոնը պիտի բացուի տարեվերջին, երբ ժամանեն արտերկրէն պատուիրուած ճարտարագիտական սարքերը: Վարդան եւ Գոհարիկ Օհաննէսեաններու անուան հիւանդանոց դիմող քաղաքացիները, նախկինի պէս, այլեւս ստիպուած չեն ըլլար բարդ վիրահատութիւններու համար Երեւան մեկնելու․ նոր հիւանդանոցը հնարաւորութիւն կու տայ մասնագէտներուն քիմիաբուժութիւն եւ բարդ վիրահատութիւններ իրականացնելու: Արցախի մէջ ուռուցքային հիւանդութիւններէն ամենատարածուածները կրծքագեղձի, թոքի, արգանդի վզիկի քաղցկեղներն են: