Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Տաւուշի Սահմանագօտիին Վրայ Հակառակորդի Կրակոցէն Այրած է Չոր Խոտը, Որուն Հետեւանքով Ականներ Պայթած են

Տաւուշի սահմանագօտիին վրայ, հակառակորդը, Օգոստոս 1-ին, կրակ բացած է, որուն հետեւանքով հրդեհ բռնկած է յենակէտերու միջանկեալ տարածքին:

Այս մասին, Օգոստոս 2-ին, «News.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ոսկեվանի գիւղապետ Սերիոժա Ալեքսանեանը: Ան նշած է, որ կրակոցէն բռնկած է չոր խոտը, որուն հետեւանքով ականներ պայթած է:

«Երէկ ցերեկը, ժամը 15:00-ին, այդ հրդեհը սկսաւ, մինչեւ ուշ երեկոյեան կը շարունակուէր, պայթիւններ կը լսուէին: Այդ հրդեհը կրնար կրակոցէն, նոյնիսկ ծխախոտէն բռնկիլ: Որ սկսի` միջամտել հնարաւոր չէ, չոր խոտ կ՝այրի ու կը տարածուի»,- ըսած է ան:,

Գիւղապետը նաեւ նշած է, որ հնչող կրակոցներուն հետեւանքով դեռ հնարաւոր չէ հաւաքել վտանգաւոր տարածքին գտնուող ցորենի դաշտերուն բերքը: Յուլիս 28-ին, հակառակորդը կրակած էր հացահատիկի դաշտին մէջ աշխատող քարշակին վրայ, բարեբախտաբար, քարշակավար Համբիկ Գրիգորեանը յաջողած էր թաքնուիլ թուփերուն ետեւը եւ խուսափիլ հակառակորդի գնդակէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին