Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Վանի Հայկական Գերեզմանոցը Կը Սրբապղծուի

Վան նահանգին մէջ հայկական գերեզմանոց մը եւս պղծուած է: Արդարեւ, Վանի Արտամէտ (Էտրեմիթ) շրջանի քաղաքապետարանի հոգաբարձուին յանձնարարութեամբ՝ հասարակական լողափին կից գտնուող պատմական բլուրին եւ հայկական գերեզմանոցին վրայ արտաքնոց եւ հանդերձարաններ կառուցուած են: Լողափին բացումը տեղի ունեցած է Յուլիս 23-ին, նահանգապետարանի նորանշանակ հոգաբարձուին եւ Արտամէտի հոգաբարձուին մասնակցութեամբ:

Վկայակոչելով թրքական «Պիրկիւն» թերթը՝ «Ermenihaber.am» կը տեղեկացնէ, թէ նշուած տարածքը հայկական թաղամաս մըն էր, որ յայտնի է իբրեւ աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայրը (Խորգոմ): Թաղամասին կից գտնուող հայկական գերեզմանատունը այսօր անարգուած է եւ հոն կատարուած շինարարութեանց պատճառով բազմաթիւ մարդկային ոսկորներ դուրս եկած են, այս ու այն կողմ շպրտուած:

Նշենք, որ 1984-ին այդ շրջանին մէջ կատարուած պեղումներէն ի յայտ եկած է, թէ այդ բլուրը մարդկութեան համար որպէս բնակատեղի ծառայած է Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակէն ի վեր։

Պեղումներուն ընթացքին, շրջանին մէջ յայտնաբերուած էին ուրարտական ժամանակաշրջանին պատկանող հնութիւններ եւ մարդկային գանկեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ գանկի վրայ «պատուհան բանալ»ու առաջին վիրահատութիւնները հո՛ն կատարուած են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին