ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան 2017-2019 թուականներու գործունէութեան ծրագիրի համակարգող խորհուրդի առաջին նիստը:
Վարչապետը նշած է, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը հանդիսանայ կառավարութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն եւ առաջնահերթութիւններէն մէկը: «Ասիկա բնական է, քանի որ մեր երկրի սահմանադրութեամբ` մարդու իրաւունքները յարգելն ու պաշտպանելը պետական իշխանութեան առանցքային պարտականութիւններէն է», հաստատած է Կարէն Կարապետեան:
Վարչապետին համաձայն, հանրապետութեան գործադիր մարմիններու գործողութիւնները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ առաւել համակարգուած եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով` կառավարութեան կողմէ այս տարուան Մայիս 4-ին հաստատուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութենէն բխող 2017-2019 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը, որուն մէջ ճշդուած են 96 գործողութիւններ, նաեւ` իւրաքանչիւր գործողութեան իրականացման յստակ ժամանակացոյցը, չափանիշները, ակնկալուող արդիւնքը եւ պատասխանատու մարմինները: Բացի ատկէ, միշտ ծրագիրին հետեւելու եւ համակարգման աշխատանքները կատարելու նպատակով ստեղծուած է համակարգող խորհուրդ, որ բաղկացած է կառավարութեան տարբեր օղակներու եւ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներէ:
Վարչապետին համաձայն, համակարգող խորհուրդը ամէն եռամսեակ կը կազմակերպէ քննարկումներ, որոնց ընթացքին կը ներկայացուին գերատեսչութիւններուն կատարած աշխատանքները: Ան կարեւոր նկատած է քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը համակարգող խորհուրդին կողմէ կազմակերպուող հանրային քննարկումներուն, որոնք կրնան արդիւնաւէտ հարթակ հանդիսանալ շահագրգիռ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ ծրագիրին ընթացքին վերաբերեալ իրենց դիտողութիւններու եւ առաջարկներու ներկայացման:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ նախարարութիւններու, կառավարութեան առընթեր մարմիններու եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին կողմէ 2017-ի առաջին կիսամեակին կատարուած աշխատանքները եւ յետագային առնուելիք քայլերը: