Սեպտեմբեր 15-ին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի գործէ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած «Արարում» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը:
Ըստ «Panorama.am»-ի՝ այս մասին կը յայտնեն Ազգային պատկերասրահէն:
Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան «Artsakhpress.am»-ի ըսած էր. «Նախատեսած ենք ցուցադրութեան ներկայացնել Այվազովսկիի այն գործերը, որոնք մինչ այս չեն ցուցադրուած, այսինքն ոչ միայն մեր մշտական ցուցադրութեան գործերն են, այլ նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի ֆոնտերուն մէջ պահուող աշխատանքները: Իսկ ինչ կը վերաբերի դուրսէն գործեր բերելուն, այո, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի եւ մեր թանգարանի ջանքերով Հայաստան պիտի բերուի Յովհաննէս Այվազովսկիի յայտնի «Քաոս» աշխատանքը, որ կը պահուի Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան մօջ, եւ մեր հանրութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեսնելու այդ հանճարեղ կտաւը: Ես կը հաւատացնեմ, որ Սեպտեմբեր ամսուն բոլորիս կը սպասուի մեծ իրադարձութիւն եւ կ՝ակնկալենք թէ՛ լրատուամիջոցներու մեծ ուշադրութիւնը, թէ՛ հասարակութեան հետաքրքրուածութիւնը»:
նշենք, որ 2017-ին «UNESCO»-ի կողմէ յիշարժան տարէթիւերու շարքին ընդգրուած է Յովհաննէս Այվազովսկիի յոբելեանը (200-ամեակ):