Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ -Դ – «Հայրենիքը Կը Սիրեն Ո՛չ Թէ Անոր Համար որ Անիկա Մեծ է, Այլ Անոր Համար, որ Անիկա Քուկդ է»

ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Արի Տուն»  ծրագիրը Սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան մեծ ծրագիրներէն է, որուն հիմնական նպատակն է Սփիւռքահայ երիտասարդները  ծանօթացնել Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, հասարակական կեանքին, հոգեւոր եւ ընտանեկան աւանդութիւններուն: Անիկա կը նպաստէ հայրենիքի հետ ամուր կապերու ձեւաւորման, ազգային ինքնութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ ջերմ յարաբերութիւններու հաստատման:

Դասարանէն Տեսարան Մը

 

3 Օգոստոս 2017-ի առաւօտեան, «Արի Տուն»-ի 2017 տարուայ 7-րդ փուլին մասնակից Լիբանանահայ պատանիներուն դասարանը այցելեց «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը՝ աշակերտներէն շատերուն ծանօթ դէմք մը, որ իւրաքանչիւրին հետ սիրով ողջագուրուեցաւ եւ հետաքրքրուեցաւ իրենց առօրեայով Հայրենիքի մէջ: Աշակերտներէն շատեր ծանօթ ելան նաեւ խմբագիրին իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն կամ տնօրէններուն միջոցաւ:  Հետաքրքրական էր Սեւակ Յակոբեանի հանդիպումը իր մանկութեան ընկերուհի Մակի Գրիգորեանի դուստրին՝ Սերլիի հետ, որուն պատմեց թէ ինք իր մօր հետ տարիներ առաջ այս միեւնոյն փորձառութենէն անցած է Հայրենիքի մէջ ամիս մը ամբողջ գտնուելով միեւնոյն ճամբարին մէջ:

Այցելութեան պահուն, Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 դպրոցի երրորդ յարկի դասարանին մէջ խմբուած լիբանանահայ աշակերտներուն դասընթացքը կ’ընթանար արեւմտահայերէնով՝ պատասխանատու ուսուցչուհիի մը եւ կամաւորներու գլխաւորութեամբ: Դասարանին մէջ աշակերտներուն կողքին ներկայ էր Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի ուսուցչուհի Օրդ. Սեդա  Պագալեանը:

Թէքէեանցիները «Զարթօնք»ի Խմբագիրին Հետ

Հանդիպումը առիթ մըն էր զրուցելու կարգ մը աշակերտներու հետ: Եւ պէտք է ըսել, որ վարի տողերուն մէջ տեղ գտած անոնց արտայայտած տպաւորութիւնները վառ ապացոյցներն են «Արի Տուն»ի վեհ առաքելութեան յաջողութեան: 

Սառա Յակոբեան

Ես կը յաճախեմ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարան: Առաջին անգամ է Հայաստան կու գամ, այստեղ ամէն ինչ շատ գեղեցիկ է ու հետաքրքրական: Ինծի համար փորձառութիւն էր առաջին անգամ Հայաստան գալը՝ «Արի Տուն» ծրագիրին շնորհիւ: Մեզի ընդունող ընտանիքները շատ բարի են, չենք զգար, որ օտար ենք  կամ ալ առաջին անգամ այստեղ կու գանք: Կ՛ուզեմ գալ տարի եւս այցելել Հայաստան: Շատ տպաւորուած եմ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր այցելութենէն: Յատկապէս հաւնեցայ Գառնիի հեթանոսական տաճարը եւ Գեղարդավանքը:

Դալար Գէորգեան

Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կու գամ: Կը յաճախեմ Վահան Թէքէեան վարժարան: Շատ սիրեցի հայրենիքը: Մեզի հիւրընկալող ընտանինքերը շատ լաւ են ու ջերմ: Այստեղ բոլորս միշտ միասին ենք, մտերմացած ենք միւս երեխաներուն հետ: Շնորհակալ եմ «Արի Տուն» ծրագիրին, որ կրցայ գալ եւ տեսնել Հայաստանը: Շատ հաւնեցայ Գառնիի հեթանոսական տաճարը:

Մարինէ Պէրպէրեան

Կը յաճախեմ Թէքէեան վարժարան: Ընկերներուս նման ես ալ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կու գամ: Այստեղ մարդիկ շատ մարդամօտ են: Մեզի շատ ջերմ կը վերաբերին: Հայաստանի մէջ` հակառակ անոր, որ շատ տաք է, բայց օդը լաւ է եւ մաքուր: Հետաքրքրական կ՝անցնին հայոց լեզուի դասերը: Շատ հաւնեցայ Գառնիի տաճարը, անիկա շատ խորհրդաւոր է եւ տպաւորիչ: Կ’ուզեմ միւս տարի եւս գալ Հայաստան:

Պեռնար Գաթիպեան

Ես կը յաճախեմ Լիբանանի ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան դպրոց: Առաջին անգամ է, որ Հայաստան կու գամ: Շատ սիրեցի մայրաքաղաք Երեւանը, յատկապէս օփերայի տարածքը եւ հրապարակը: Երեւանի մէջ աւելի աշխոյժ է կեանքը, շարժում կայ եւ երիտասարդները շատ են: Կ՝ուզեմ գալ տարի եւս Հայաստան գալ, որովհետեւ այս քանի մը օրը շատ քիչ է Հայրենիքը լաւապէս ճանչնալու համար:

Էլի Գրիգորեան

Առաջին անգամ է Հայաստան կու գամ: Այստեղ ինծի համար ամէն ինչ հաճելի է, յատկապէս՝ մարդոց ջերմ վերաբերմունքը: Հայաստանի օդը շատ մաքուր է: Հաւնած եմ Հանրապետութեան հրապարակի երգող շատրուանները: Իսկապէս շատ տպաւորիչ է: Լիբանանի մէջ կը յաճախեմ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճ: Կը փափաքիմ կրկին այցելել Հայաստան:

Սթիվըն Գաբրիէլեան

Թէքէեանցի եմ: Հայաստանի մէջ ամէն ինչ շատ հաւնած եմ: Ամենախորհրդաւոր ու գեղեցիկ վայրը ինծի համար Սարադարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրն էր: «Արի Տուն» ծրագիրին մասին քոյրիկս պատմեց եւ քաջալերեց զիս, որպէսզի ես ալ Հայաստան գամ: Առաջին երկու օրերուն արեւելեհայերէն քիչ մը դժուար կը հասկնայի, բայց յետոյ սկսայ յարմարիլ ու հասկնալ, որովհետեւ բոլորս ալ հայերէն կը խօսինք:

Արմիկ Հեքիմեան

Ես կը յաճախեմ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան: Ընկերներուս նման ես ալ առաջին անգամ է Հայաստան կը գտնուիմ: Ծրագիրը շատ լաւ միջոց է հայրենիքին ծանօթանալու համար: Խօսքեր չունիմ ըսելու, իսկապէս ամէն ինչ շատ լաւ ու գեղեցիկ կազմակերպուած է: Քիչ մը կը դժուարանամ արեւելահայերէն հասկնալու, երբ արագ կը խօսին, բայց կամաց-կամաց կը սորվիմ, որովետեւ բոլորիս լեզուն ալ հայերէնն է:

Գարին Սարգիսեան

Ես կը յաճախեմ Պէյրութի ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտչեան գոլէճ: Առաջին ագամ ըլլալով Հայաստան եկած եմ: Ամէն ինչ շատ լաւ է այստեղ: «Արի Տուն» ծրագիրին հետ միասին կ՝այցելենք Հայաստանի տարբեր պատմամշակութային վայրեր, որոնցմէ տպաւորիչ էր Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրը: Շատ սիրեցի Հայաստանի բնութիւնը` ծառերը, արեւը, օդը: Մէկ խօսքով, ամէն բան կանաչ է եւ գեղեցիկ: Անհամբեր կը սպասեմ, թէ ե՞րբ պիտի այցելենք Խոր Վիրապի վանքը, որպէսզի տեսնեմ այն վայրը, ուր 13 տարի փակուած եղած է Գրիգոր Լուսաւորիչը:

Էռնեսթօ Կիրակոսեան

Ես կը յաճախեմ Պէյրութի Մխիթարեան Վարժարան: Շատ ուրախ եմ, որ առաջին անգամ կը գտնուիմ հայրենիք: Այստեղ ամէն ինչ լաւ է, չորս կոմղս հայեր են: Կ՝ուզեմ Պէյրութի բոլոր ընկերներուս ալ ըսել, որ անպայման սիրեն հայրենքը ու օր մըն ալ իրենք գան Հայաստան:

Սեզար Մախխուլ 

Կը յաճախեմ Պէյրութի Իվանճէլիքըլ Սքուլ: Մեր հայրենիքը շատ լաւ է: Ամէն Հայ պէտք է ծանօթ եւ մօտ ըլլայ Հայրենիքին: Ես շատ կը սիրեմ Երեւանը` այստեղ կեանքը աշխոյժ է, երիտասարդները շատ են, մարդիկ ջերմ են: Կ’ուզեմ աւելի յաճախ այցելել Հայաստան:

Հաճելի էր նաեւ լսել ուսուցչուհիներուն, այս առիթով խօսեցանք դասարանի պատասխանատու ուսուցչուհի Օրդ. Սերա Շահինեանին հետ: «Ես Հայաստան եկած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն: Սուրիոյ ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան դպրոցին մէջ 11 տարի Հայերէն Լեզու դասաւանդած եմ: Բայց արդեն երեք տարի է հայրենադարձ եմ եւ կ՛ապրիմ ու կ՛աշխատիմ այստեղ: Այս դասարանի աշակերտները կը մասնակցին «Արի Տուն» ծրագրին 7-րդ փուլին: Ծրագրի ընթացքին աշակերտներուն հայագիտական նիւթեր կը սորվեցնեն տեսարժան վայրեր այցելելու կողքին: Այս  արդէն երկրորդ տարին է, որ ծրագրին մէջ ընդգրկուած է արեւմտահայերէնի ծրագիրի առանձին խումբ արեւմտահայերեն խօսող աշակերտներուն  համար:  Ես այստեղ իմ կարգիս արեւմտահայերէն կը դասաւանդեմ:   Աշակերտները շատ խելացի են եւ հետաքրքրուած Հայաստանով: Ճիշդ է, որ քիչ մը փոքր դժուարութեամբ կը հասկնան արեւելահայերէն խօսող իրենց հասակակիցներուն, բայց կամաց-կամաց կը սորվին» ըսաւ Օրդ. Շահինեան:

Օրդ. Պագալեանի Հետ Զրոյցի Պահուն

Աշակերտներուն կողքին մշտական ներկայութիւն ունէր նաեւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի նուիրեալ ուսուցչուհի Սեդա Պագալեան:  «Ուրախ ենք, որ հայրենիք այցելեցինք: Իմ եօթը աշակերտներուս հետ, առաջին անգամ, Հայաստան կը գտնուինք։ Ամէն տեղ կը շրջինք եւ կը ծանօթանանք: Աշակերտները փոքր դժուարութիւն ունեցան լեզուի հետ, բայց հիմա արդէն յարմարած են: Շատ գոհ ենք, որ կ՝այցելենք Հայաստանի տարբեր պատմամշակութային վայրեր: Շնորհակալ ենք «Արի Տուն» ծրագիրին, որ մեզ համախմբեց եւ հնարաւորութիւն տուաւ աւելի լաւ ծանօթանալու հայրենիքին: Շնորհակալութիւն մեզի ընդունող ընտանիքներուն, որոնք շատ լաւ են ու սիրով եւ յարգանքով ընդունեցին մեզ». ըսաւ Օրդ. Պագալեան:

«Սելֆի» մը Խմբագիրին Հետ

Կարգը խմբագիրին էր իր խօսքը ըսելու: «Աւելի քան ուրախ եմ հոս սրտամօտիկ անձերու հանդիպելուս համար: Անձեր, որոնց համախմբած է Սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» անզուգական ծրագիրը». ըսաւ Սեւակ Յակոբեան: «Փորձառութիւններ կան մարդուս կեանքի ընթացքին, որոնց ազդեցութիւնը շատ խոր կը մնայ տուեալ անձին հոգեբանութեան մէջ եւ մեծ դեր կը խաղայ անոր կազմաւորումի ընթացքին վրայ: «Արի Տուն»ը այդ իւրայատուկ փորձառութիւններէն է, որ խտացնելով ու ամփոփելով տարիներով իր դպրոցին մէջ աշակերտին դասաւանդուած Հայոց Պատմութեան դասանիւթը աւելի քան գործնական է  եւ իրական տպաւորութիւններ ու ազգասիրութիւն կը ներշնչէ սփիւռքահայ պատանիին»:

«Իր ազգային առաքելութեան կողքին «Արի Տուն»ը ունի նաեւ  ընկերային անզուգական պաշտօն: Հայկական սփիւռքներէն Հայրենիք հասած եւ միեւնոյն փորձառութիւնը բաժնող եւ զիրար լաւ ճանչնալու առիթը ունեցող Հայ պատանիներուն միջեւ կը ստեղծէ ընկերային եւ մտահոգեկան կապ մը, որ կրնայ տեւել ամբողջ կեանք մը» .եզրափակեց Յակոբեան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին