Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ախալքալաքի Կորխ Գիւղի Եկեղեցիին Մշակութային Ժառանգութեան Յուշարձանի Կարգավիճակ Շնորհուած է

Մշակութային ժառանգութեան տարածքներու պահպանութեան հարցերով Վրաստանի ազգային գործակալութիւնը Ախալքալաքի շրջանի Կորխ գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիին շնորհած է մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի կարգավիճակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը՝ վկայակոչելով «Jnews.ge»-ը։

Կարգավիճակը տրուած է Մշակութային ժառանգութեան պահպանման ազգային գործակալութեան տնօրէն Նիկոլոզ Անթիձէի հրամանով, Յունիս 30-ին:

Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան գործակալութեան կայքին մէջ տեղ գտած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Սբ. Ստեփան Եկեղեցին կը գտնուի գիւղի հիւսիս-արեւելեան կողմը: Կառուցուած է տասնիններորդ դարուն վերջը, տուֆէ: Մուտքը` արեւելքէն է:

Նախապէս արեւելեան եզրին կը գտնուէր զանգակատունը: Եկեղեցւոյ ճակատամասը զարդարուած է շրջանակեայ դռներով, իսկ արեւելեան ճակատամասը որմնասիւներով, միաւորուած քիվերով եւ խոշոր խաչերով: Իբրեւ ներքին կահաւորանք՝ եկեղեցւոյ բեմի որմնասիւներուն ներկայացուած են հրեշտակներու պատկերներ: Նման նկարներով եւ խաչերով զարդարուած են որմնախորշը եւ մկրտութեան աւազանը: Արեւելեան պատի որմնասիւներուն մօտ կառուցուած են գերեզմանաքարեր ուշ միջնադարի նկարներով:

Եկեղեցւոյ հարաւ-արեւմտեան անկիւնը առանձնացուած են հայկական շինարարական մակագրութիւն ամսաթիւով: Եւս երկու արձանագրութիւն եղած է մկրտարանի խաչին շուրջ: Եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւելեան անկիւնի շինարարութեան համար օգտագործուած է վաղ միջնադարեան սիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին