Տաւուշի սահմանագօտիին վրայ, հակառակորդը, Օգոստոս 1-ին, կրակ բացած է, որուն հետեւանքով հրդեհ բռնկած է յենակէտերու միջանկեալ տարածքին:
Այս մասին, Օգոստոս 2-ին, «News.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ոսկեվանի գիւղապետ Սերիոժա Ալեքսանեանը: Ան նշած է, որ կրակոցէն բռնկած է չոր խոտը, որուն հետեւանքով ականներ պայթած է:
«Երէկ ցերեկը, ժամը 15:00-ին, այդ հրդեհը սկսաւ, մինչեւ ուշ երեկոյեան կը շարունակուէր, պայթիւններ կը լսուէին: Այդ հրդեհը կրնար կրակոցէն, նոյնիսկ ծխախոտէն բռնկիլ: Որ սկսի` միջամտել հնարաւոր չէ, չոր խոտ կ՝այրի ու կը տարածուի»,- ըսած է ան:,
Գիւղապետը նաեւ նշած է, որ հնչող կրակոցներուն հետեւանքով դեռ հնարաւոր չէ հաւաքել վտանգաւոր տարածքին գտնուող ցորենի դաշտերուն բերքը: Յուլիս 28-ին, հակառակորդը կրակած էր հացահատիկի դաշտին մէջ աշխատող քարշակին վրայ, բարեբախտաբար, քարշակավար Համբիկ Գրիգորեանը յաջողած էր թաքնուիլ թուփերուն ետեւը եւ խուսափիլ հակառակորդի գնդակէն: