Յուլիս 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2017թ. ծրագիրի 7-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ծրագիրի 7-րդ փուլին կը մասնակցի 72 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ աշխարհի 13 երկրէ` Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Ուքրանիայէն, Թուրքմէնստանէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Քուէթէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Պելճիգայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն եւ Հունգարիայէն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան արիտունցիներուն փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի տղաներ եւ աղջիկներ, բարով էք եկել Հայաստան, բարով էք եկել Հայրենիք, բարով էք եկել տուն: Ուրախ եմ, որ ծրագրի շրջանակներում վայելելու էք Հայրենիքը, լինելու էք տեսարժան վայրերում: Եւ ամենակարեւորը` մասնակցելու եք հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներին: Պէտք է սովորէք հայերէն, խօսէք հայերէն, որ պահէք ձեր լեզուն ու ինքնութիւնը: Ձեր տունը Հայաստանն է, եւ ուշ թէ շուտ վերադառնալու էք Հայրենիք: Բարով էք եկել»:
Արիտունցիները շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարին, ծրագիրի կազմակերպիչներուն` Հայրենիք այցելելու, հայերէն սորվելու, հասակակիցներուն հետ շփուելու հիանալի հնարաւորութեան համար: Ելոյթ ունեցան տարբեր երկիրներէ ծրագիրին մասնակցելու եկած երեխաները, ասմունքեցին ու երգեցին, այնուհետեւ շուրջպար բռնեցին: